Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը կ'ողջունէ 19 Յուլիս, 2012-ին Արցախի մէջ կայացած նախագահական ընտրութիւններու կանոնաւոր ընթացքն ու թափանցիկ կերպով անցկացումը։
Հակառակ որոշ շրջանակներու ժխտական կեցուածքին եւ սպառնալիքներուն, Արցախի ժողովուրդը, ինչպէս միշտ, ցուցաբերեց իր հաստատակամութիւնը, ժողովրդավար կարգերու հաստատման ընդմէջէն, ամրապնդելու իր անկախութիւնը եւ պետակա նութիւնը:
Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակը, անգամ մը եւս կը յիշեցնէ միջազգային հանրութեան, թէ կայուն ու մնայուն լուծում կը տրուի Արցախի խնդրին, միայն իր ժողովուրդի կամքի ազատ ինքնորոշման ճամբով:
Նշելի է ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներու յայտարութիւնը, ուր շեշտը կը դրուի Արցախի իշխանութիւններու կամքին՝ ժողովրդավար միջոցներով կազմակերպելու երկրին հասարակական կեանքը։ Առաւել եւս, ընտրութեան օրը աւելի քան 200 միջազգային դէտերու եւ լրագրողներու ներկայութիւնը աշխարհի 51 երկիրներէ, ոչ այլ բան, է քան՝ Արցախի ժողովուրդի կամքի արտայայտութեան ճանաչում։
Կը շնորհաւորենք պրն. Բակօ Սահակեանի վերընտրութիւնը նախագահական պաշտօնին, մաղթելով յաջողութիւն՝ իրեն վստահուած առաքելութեան կապակցութեամբ: