Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի թատերական գործիչներու միութիւնը, Հայաստանի շարժապատկերի աշխատակիցներու միութիւնը խոր վշտով կը տեղեկացնեն,

որ 75 տարեկան հասակի մէջ, յետ երկարատեւ ու ծանր հիւանդութեան, իր մահկանացուն կնքեց հայ թատրոնի եւ շարժապատկերի նշանաւոր վարպետ, Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արտիստ, ՀԽՍՀ պետական մրցանակի դափնեկիր, միջազգային փառատօներու մրցանակակիր՝ Գալիա Նովենցը: