Երէկ, 19 Յուլիսին, Հայաստանի կառավարութիւնը փակ նիստով քննարկած է սուրիահայերուն առնչուած խնդիրներ: Այս մասին news.am լրատուական կայքէջին յայտնած է Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Հրայր Թովմասեան:
Նախարարին համաձայն, կարգ մը նախարարներու արդէն համապատասխան յանձնարարականներ տրուած են:
Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արտեմ Ասատրեան ըսած է, որ ստեղծուած է աշխատանքային խումբ՝ նախարարութեան աշխատակիցներու մասնակցութեամբ: Անոր պարտաւորութիւնը պիտի ըլլայ աշխատանք ապահովելու հարցերուն լուծում տալ: