Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Հայկական Ժամանակ» թերթը կը տեղեկացնէ, թէ այս տարուան առաջին վեց ամիսներուն ընթացքին, օդանաւով Հայաստանէն մեկնած եւ չվերադարձողներու պաշտօնական թիւը կազմած է շուրջ 56 հազար:

Սոյն տուեալը նախօրէին հրապարակուած է Հայաստանի քաղաքացիական թռիչքներու գլխաւոր վարչութեան կողմէ:
Այս տարուան վերոնշեալ թիւը անցեալ տարուան տուեալներէն աւելի է շուրջ 800ով: