Մեկնաբանելով Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի այն յայտարարութիւնը, որ ինք թերահաւատ է Մինսքի խմբակի համանախագահներու առաքելութեան արդիւնքներու գծով,
Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախկին նախարար Արման Մելիքեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է. «Իրականում, ինչ խօսք, պարոն Մամետեարովի ասածը ճշմարիտ չէ: Շնորհիւ Մինսքի խմբի համանախագահների գործունէութեան, կարգաւորման գործընթացը տեղից շարժւում է, ցաւօք սրտի՝ ոչ ի նպաստ հայկական կողմի: Եւ այդ առումով ատրպէյճանական կողմը պարզապէս հզօրացնում է իր ճնշումը համանախագահների վրայ՝ սթաթիւս քոն փոփոխելու ներքին պահանջ ներկայացնելով: Այսինքն՝ այդ դժգոհութիւնը դրանով է պայմանաւորուած»:
Մամետեարով այդ հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձած է նաեւ բազմակողմանի խաղաղութեան համաձայնագիրին. «Մինսքի խմբակի անդամ երկիրներու ղեկավարները բացէ ի բաց յայտարարած են, որ անընդունելի է շրջանին մէջ սթաթիւս քոյի պահպանումը: Երեք համանախագահող երկիրներու առաջարկները՝ մատրիտեան սկզբունքներու հիման վրայ, ներկայացուած են կողմերուն: Այս առնչութեամբ Ատրպէյճան յայտնած է բանակցութիւնները շարունակելու պատրաստակամութիւն, որոնց կարգին նաեւ բազմակողմանի խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ»:
Էլմար Մամետեարով նաեւ դիտել տուած է, որ հայկական կողմը չէ ընդունած այդ առաջարկը:
Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախկին նախարար Արման Մելիքեան այս գծով ըսած է. «Ձեւակերպումը բաւական անորոշ է: Ատրպէյճանի միակ առաջարկը հետեւեալն է՝ հայկական զինուժ Արցախում եւ շրջակայ տարածքներում պէտք չէ լինի: Դրանից յետոյ բոլոր հարցերը ինքնաբերաբար կը լուծուեն: Այդ տեսանկիւնից ատրպէյճանական մօտեցումը, ի հարկէ, առաւելապաշտական է եւ անիրագործելի: Ես կարծում եմ, որ սթաթիւս քոյի այս իրավիճակը, որով մտահոգ է պարոն Մամետեարովը, դեռ եւս կը շարունակուի»: