Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Կիպրացի  եւրոերեսփոխան Էլէնի  Թէոխարուս  դիտորդական առաքելութեամբ  Արցախ  պիտի  մեկնի

Հայաստան ժամանեցին Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւոր Էլէնի Թէոխարուս եւ եւրոերեսփոխան ու գերմանական Պունթեստակի (խորհրդարանի)  նախկին անդամ Հանս-Եուրկէն Զահորկա՝ «Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ» կազմակերպութեան ղեկավար Մայքլ Քամբեքի ուղեկցութեամբ:


Եւրոպացի պաշտօնակատարներու պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ, որ գոհունակութիւն յայտնեց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն վերընթաց զարգացում ապրող համագործակցութեան կապակցութեամբ՝  այս ծիրէն ներս ընդգծելով միջ-խորհրդարանական շփումներու նշանակութիւնը՝ որպէս երկկողմ փոխ գործակցութեան կարեւոր ձեւաչափ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը բարձր գնահատեց Էլէնի Թէոխարուսի բազմամեայ մարդասիրական գործունէութիւնը եւ հետեւողական զօրակցական վերաբերմունքը հայ ժողովուրդի համար կարեւոր                  խնդիրներու նկատմամբ:
Նշենք, որ Թէոխարուս քաղաքական-մտաւորական փայլուն անձնաւորութիւն է ու միաժամանակ բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ: Իր գրութիւններէն մաս մը թարգմանուած ու հրատարակուած է նաեւ հայերէնի:
Արցախի պատերազմի տարիներուն Էլէնի Թէոխարուս աւելի քան 20 մարդասիրական այցելութիւններ կատարեց Արցախ եւ մօտէն ապրեցաւ արցախեան ազատագրութեան փառապանծ էջը: Պարգեւատրուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պատուոյ ոսկեայ մետալով:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան արցախեան հիմնախնդրի կարգաւորման վերջին զարգացումները: