Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու վերջերս յայտարարած էր, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ, Թուրքիան նոր՝ երեք քայլերէ բաղկացած համակցութիւն մը կը նախապատրաստէ:

Սակայն ատոր համար Հայաստանը պէտք է դուրս գայ Լեռնային Ղարաբաղէն, իսկ Թուրքիոյ կողմէ համագործակցութիւն պէտք է սկսի հայկական Սփիւռքին հետ:
Հակադարձելով այս խօսքերուն՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Հինգշաբթի օր վերահաստատեց, թէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւո- րումը պէտք չէ կապուի ԼՂ խնդիրի կարգաւորման հետ:
Ան նշեց, որ ի տարբերութիւն Թուրքիոյ առաջարկած համակցութիւններուն՝ միջազգային  հանրութիւնը կ՛առաջարկէ այլ համակցութիւն, օրինակ՝ Արձանագրութիւններու վաւերացում՝ առանց նախապայմաններու:
«Թուրքիան անցնող 97 տարում ձախողուել է այս ուղղութեամբ լուրջ քայլեր անելուց եւ պատմութեան հետ առերեսուելուց: Եթէ յաջորդ երեք տարուայ համար նոյն ոճով է գործելու եւ առաջարկում է ինչ որ քայլերի կոմբինացիա (համակցութիւն), որ ոչ մի տեղ չի տանում, ձախողուելու է», ըսաւ Էդուարդ Նալբանդեան