Երեւանի՝ Կրթութեան ազգային հիմնարկին մէջ սկսած է Սփիւռքահայ ուսուցիչներու մէկամսեայ վերապատրաստման 2012ի ծրագիրը, զոր կը կազմակերպէ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը։
«Հայերն այսօր» կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ այս տարի, վերապատրսատման ծրագրին կը մասնակցի 12 երկիրներէ 75 ուսուցիչ. Ռուսաստանէն՝ 16, Եգիպտոսէն՝ 1, Իրանէն՝ 8, ԱՄՆ-էն՝ 5, Աւստրալիայէն՝ 3, Աբխազիայէն՝ 8, Լիբանանէն՝ 5, Մեծն Բրիտանիայէն՝ 5, Սուրիայէն՝ 17, Վրաստանէն՝ 5, Ուքրաինայէն՝ 2, Ֆրանսայէն՝ 1: Այս տարի նախատեսուած է վերապատրաստում վեց ուսումնական խումբերու մէջ. մանկապարտէզ, տարրական ուսուցում, մէկօրեայ դպրոց, Հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասաւանդում, դպրոցի կառավարում եւ լրացուցիչ կրթութեան կազմակերպում:
Այս տարի յատկապէս շեշտը դրուած է գործնական դասերուն վրայ։ Բոլոր խում-բերու ուսուցիչներու համար կը կազմակերպուին «վարպետաց բաց դասեր»՝ «Տաթեւ» գիտակրթական համալիրին մէջ: Կը նշուի, թէ 2012ի ծրագրին մէջ ընդգրկուած են աւելի շատ մասնագէտներ եւ ստեղծագործող ուսուցիչներ, որոնք իրենց փորձը կը հաղորդեն ուսուցիչներուն: Արեւմտահայերէնը կը դասաւանդէ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի դասախօս, բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ Կարօ Առաքելեան:
Ուսումնական ծրագրէն զատ, ինչպէս արդէն աւանդութիւն դարձած է, ուսուցիչները պիտի այցելեն թանգարաններ եւ տեսարժան վայրեր։ Դասընթացքի աւարտին մասնակիցները պիտի ստանան վկայագրեր։