Ոստիկանութիւնը ամփոփ տեղեկատուութիւն հրապարակած է տարուան 6 ամիսներուն ընթացքին հանրապետութեան մէջ թմրամոլութեան եւ թմրեցուցիչի ապօրինի շրջանառութեան դէմ տարուող պայքարին մասին:
Ոստիկանութեան կայքէջին մէջ հրապարակուած փաստաթուղթին համաձայն, 2012 թուականի 6 ամիսներուն ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան ստորաբաժանումները, համագործակցելով համապատասխան գերատեսչութիւններուն հետ, յայտնաբերած են թմրեցուցիչներու եւ այլ թմրանիւթերու ապօրինի շրջանառութեան յանցագործութիւններու 575 դէպք՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին արձանագրուած 871 դէպքի դիմաց: Արձանագրուած է նաեւ վարչական իրաւախախտումներու 142 դէպք՝ նախորդ տարուան 6 ամիսներուն յայտնաբերուած 124 դէպքին փոխարէն։
Նշեալ ժամանակահատուածին իրաւապահ մարմիններուն կողմէ յայտնաբերուած եւ գրաւուած է 5 քիլօկրամ 586 կրամ տարբեր տեսակի թմրանիւթ, 18.8 քիլօկրամ հոգեմետ նիւթ, 207.3 միլիլիթր փրեքուրսոր (քացախաթթուի անհիտրիտ, աղաթթու), 2011 թուականի 6 ամիսներուն համապատասխանաբար 13 քիլօկրամ 42 կրամի, 26.7 կրամի եւ 668.4 միլիլիթրի փոխարէն։