Ազգագրագէտներու եւ լեզուաբաններու կարծիքով, «տոլմա» բառը եկած է ուրարտական «տոլի» բառէն, որ խաղողի տերեւ կը նշանակէ:
Հաւանաբար տոլման սկզբնական շրջանին պատրաստուած է միայն որթատունկի տերեւով, հետագային նաեւ՝ կաղամբի, բանջարի (Մուսա լերան մէջ), սերկեւիլի եւ հաղարճի (Արցախի եւ Զանգեզուրի մէջ) տերեւներով:
Տոլմայի փառատօն
Յուլիս 11-ին, Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ արդէն իսկ աւանդական դարձած տոլմայի փառատօնը: Հայկական աւանդական տոլմայի ախորժաբոյր հոտը դիմաւորեց այցելուները՝ աւելի քան 30 տաղաւարներով:
Տոլմայի փառատօնին յղացումը տեղի ունեցաւ 2011-էն եւ, ըստ կազմակերպողներուն, շարունակական պիտի ըլլայ: Փառատօնին նպատակն է աւանդական կերակրատեսակներու ժողովրդականացումը, նաեւ տոլմայի ներկայացումը որպէս հայկական կերակրատեսակի՝ հետքերով այն տարածուած սխալ կարծիքը, թէ տոլման թրքական արմատներ ունի: Փառատօնը, որ նաեւ մրցոյթի բնոյթ ունէր, ընտրեց լաւագոյն համ, լաւագոյն տեսք եւ լաւագոյն մտայղացում ունեցող պնակը: Մրցումին մասնակցեցան Հայաստանի առաջատար ճաշարանները եւ անհատներ՝ Երեւանէն եւ մարզերէն: Այս տարուան նորութիւններէն էին՝ խեցգետինով, հաւով, ձուկով եւ նոյնիսկ քաղցր տոլմաները:
Lաւագոյն տոլմա պատրաստողը
Տոլմայի տարեկան փառատօնին կ'ընտրուի լաւագոյն տոլմա պատրաստողը։ Պիտի պարգեւատրուին նաեւ «Լաւագոյն համուհոտ» եւ «Լաւագոյն մտայղացում» մրցումներուն յաղթողները: «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային շարժապատկերի փառատօնին զուգահեռ, «Հայ խոհարարական աւանդոյթներու զարգացման ու պահպանման» կազմակերպութիւնը 22 Յուլիսին երկրորդ անգամ ըլլալով պիտի կազմակերպէ տոլմայի համահայկական մրցում-փառատօն:
Մրցումի կազմակերպիչ, «Հայ խոհարարական աւանդոյթներու զարգացման ու պահպանման» կազմակերպութեան քարտուղար Վահէ Անթանեսեան տեղեկացուց, որ մրցումը ծրագրաւորուած կերպով կը կայացուի «Ոսկէ Ծիրան»ին զուգահեռ, քանի որ շարժապատկերի փառատօնին հրաւիրուած օտար հիւրերը պիտի հրաւիրուին նաեւ տոլմայի փառատօնին։
Վաստակաւոր դերասան Ռաֆայէլ Քոթանջեան, որ փառատօնի մրցումներու յանձնաժողովի նախագահն է, տեղեկացուց, որ տոլմայի փառատօնի նպատակը ազգային ուտեստեղէններու եւ կերակրատեսակներու տարածումն է: «Նախորդ տարի 22 տաղաւարներում ներկայացուած էին տոլմայի 70ից աւելի տարատեսակներ՝ պատրաստուած տարբեր բաղադրատոմսերով: Այս տարի եւս 20 ուտեստներ կ՛աւելանան՝ պատրաստուած նոր բաղադրատոմսերով», ըսաւ ան։
Վահէ Անթանեսեան նշեց, որ տաղաւարներուն մէջ պիտի տեղադրուին պատրաստ ուտելիքներ՝ համտեսելու համար, իսկ տեղւոյն վրայ պիտի պատրաստուին նորերը, որպէսզի մրցումի դատական կազմին ներկայացուին։
ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ՊՆԴՈՒՄ ՄԸ
«Հայերը այս անգամ ալ մեր տոլման գողցան»
«ՄԱՐՄԱՐԱ».- «Թուրքիյէ» թերթին մէջ հրատարակուած լուր մը ահազանգ կը հնչեցնէ՝ պնդելով, որ հայերը այս անգամ ալ կը ջանան գողնալ «տոլման»։
Ինչպէս որ հելլէնները երկար տարիներէ ի վեր կը ջանան գողնալ մեր մշակոյթը, այդպէս ալ հայերը այժմ կը պատրաստուին «Տոլմա»ի փառատօն մը կազմակերպելու՝ «տոլմա»ն ներկայացնելով որպէս «հայկական ճաշ» գրուած է թերթին մէջ։ Լրատուութեան մէջ կը պնդուի հետեւեալը. ինչպէս որ պուլկարները գողցան մածունը եւ թանը, եւ ինչպէս որ հելլէնները գողցան պաքլաւան եւ «տէօները», հայերն ալ հիմա տէր կանգնեցան «գատայըֆ»ին եւ տերեւի տոլմային։ Հայաստանի խոհանոցի պահպանութեան եւ զարգացման անունով Սարդարապատի յուշարձանին առջեւ Յուլիսին պիտի բացուի հայկական ճաշերու եւ տոլմայի միջազգային փառատօն մը։ Այս նպատակով հրաւէր ուղղուեցաւ մեծ թիւով խոհարարներու։
Սեդրակ Մամուլեան այս մասին լուսաբանութիւններ ընելով՝ ըսաւ. «Տոլման ամբողջովին հայկական ուտելիք է։ Ոչ մէկը մեր խոհանոցը գողնալ թող փորձէ։ Տոլման ի՞նչպէս կրնայ պատկանիլ ուրիշ ազգի մը»։