Ս. ԹԱԴԷԻ ՎԱՆՔԻ ՍՐԲԱԶԱՆ ԿԱՄԱՐՆԵՐԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՄԻԱԽՄԲԵՑԻՆ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ
Թաւրիզի Ազգային Առաջնորդարանէն կը հաղորդեն, թէ Հինգշաբթի 12 Յուլիսէն մինչեւ Շաբաթ 14 Յուլիս 2012 տեւած տարեկան եռօրեայ ուխտագնացութիւնը Ատրպատականի Հայոց թեմի Ս. Թադէի վանքին, քրիստոնէական հաւատքի ջրդեղման ու վերածաղկման սքանչելի առիթ հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն համար:
Ամբողջ գիշեր, վանքի բարձրախօսներով սփռուեցաւ նոր հրապարակուած հայ եկեղեցական երաժշտութեան «Ճանապարհ» խտասալիկը, հռչակաւոր սոփրանօ Հելէն Զինտարզեանի թովիչ ձայնով:
Ուրբաթ, 13 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 8-ին, Ս. Թադէոս Առաքեալի աճիւնները պարփակող Ս. Տաճարի կամարներուն տակ, հոգեւորական հայրերուն կողմէ կատարուեցաւ «Գիշերային Ժամերգութիւն», գի- շերուան պահը առաւել եւս խորհրդաւոր դարձնելով: Երգուեցան «Յիշեսցուք»ը, «Զարթուցեալքս»ը, «Առաւօտ Լուսոյ»ն եւ կարդացուեցաւ «Տաճարի Աւետարան»ը:
Յաջորդ օր՝ Շաբաթ 14 Յուլիսի առաւօտ, Ս. Թադէի վանքին մէջ Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց՝ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Ս. արք. Սարգիսեան: Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Թաւրիզի եկեղեցիներու «Կոմիտաս» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ պրն. Վարդան Վահրամեանի: Քարոզէն անմիջապէս առաջ, Կաթողիկոսական փոխանորդը խօսք ուղղելով ներկայ ուխտաւորներուն, -խորհրդածութիւն կատարեց «ուխտ»ի եւ «ուխտաւորութեան» մասին: Ան յատկապէս հրաւիրեց ժողովուրդը, առաջին անգամ ըլլալով Տաճարին մէջ զետեղուած հսկայ «Ուխտերու Խաչ»ին մօտենալու եւ յատուկ թուղթերու վրայ գրելով, անոր վրայի գամերէն կախելու Աստուծմէ ունեցած իր խնդրանքները եւ ուխտերը, յիշեցնելով թէ մեր Տէրը՝ Քրիստոս ի՛նք ըսած է. «Խնդրեցէ՛ք Աստուծմէ եւ ան պիտի տայ ձեզի» (Մտ 7.7): Ան բարի գալուստ մաղթեց Թեհրանի Հայոց Առաջնորդին, որ իր ներկայութեամբ առաւել փայլ կու տար եկեղեցական հանդիսութեան, եւ հրաւիրեց զայն, տալու օրուան պատգամը: Սրբազանը իր քարոզին մէջ վեր առաւ հայոց քրիստոնէութեան առաջին լուսաւորիչներուն կեանքի օրինակը, յատկապէս կեդրոնանալով հայազգի առաջին նահատակ Ս. Սանդուխտ կոյսի զոհաբերումին: Սրբազանը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ ամէնուն ուխտը ի կատար ածէ, եւ զօ
րացնէ ներկայ ուխտաւորները Ս. Թադէոս առաքեալի ու Ս. Սանդուխտ կոյսի հաւատքով:
Ուխտագնացութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Արեւմտեան Ատրպատականի նահանգապետը՝ Ճալալզատէ, կուսակալը՝ Ահմէտռըզա Ղոլիփուրի, Արեւելեան Ատրպատականի Փոքրամասնութիւններու պատասխանատու Մուսաւին, Եունեսքոյի իրանեան պատասխանատու տոքթ. Սէյիտ Ապատի եւ այլ պետական դէմքեր: Ներկայ էին նաեւ Եունեսքոյի իտալացի անդամները, եւ Հայաստանէն վանքի վերանորոգութեան մասնագէտ հիւրեր, առաջնորդութեամբ խումբի Իրանի պետութեան մօտ ներկայացուցիչ՝ տիկ. Շէրլի Աւետեանի: Պատարագէն անմիջապէս առաջ, վանքի շրջակայքին մէջ հաստատուած յատուկ վրանի տակ, տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւն, որու ընթացքին խօսք առին նահանգապետը, կուսակալը, Եունեսքոյի ներկայացուցիչը, տիկ. Շէռլի Աւետեան, Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան:
Ս. Պատարագէն անմիջապէս յետոյ, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ջրօրհնէք, «Աջովն Սրբոյն Ստեփանոսի Նախավկայի»: Ապա, ժողովուրդը ստացաւ օրհնուած ջուրէն: Եկեղեցական արարողութիւններուն աւարտը հանդիսացաւ հոգեւորականներէ եւ դպրաց դասէն բաղկացած թափօրը, որ դուրս գալով Տաճարէն, շրջեցաւ վանքի շրջափակին մէջ, հոգեւոր վերազարթօնք պատճառելով ուխտաւորներուն:
Ամբողջ երեք օրեր, մինչեւ Շաբաթ 14 Յուլիսի երեկոյեան ժամերը, հայ ժողովուրդի զաւակները միախմբուեցին Ս. Թադէի վանքի սրբազան միջավայրին մէջ, եւ վերանորոգեցին իրենց քրիստոնէական ուխտը: Ժողովրդային հազարաւոր բազմութիւնը ղեկավարելու եւ ամէնուն կենցաղային կարիքներուն հասնելու մէջ մեծ եղաւ դերը Թեմի Վանքերու Յանձնախումբի ժրաջան անդամներուն, որոնք շաբաթներ առաջ աշխատանքի լծուած, տնօրինած էին թէ՛ կարգապահական խումբերու գործը, եւ թէ բնակութեան հարցերը:
Թեմի եւ պետութեան լծակներու միջեւ սերտ գործակցութեան բերումով, ներքին ապահովութեան ոյժեր ամբողջ երեք օրեր շրջապատը հսկողութեան ներքեւ պահեցին, հանգիստ միջավայր ստեղծելով ուխտաւոր ժողովուրդին համար:
Ամէն տարի «Սրբոյն Թադէոսի Առաքելոյն եւ Սանդխտոյ Կուսի» տօնին, հոգեկան աննկարագրելի հրճուանքով կը լեցուի իւրաքանչիւր ուխտաւորի հոգին, որ ամբողջ տարուան համար վերանորոգուած, կը վերադառնայ սովորական իր առօրեային, զօրացած քրիստոնէական հաւատքով եւ Ս. Թադէոս առաքեալի զոհաբերութեան ոգիով:
Վանքի տարածքին մէջ տեղի ունեցաւ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Վանքերու հին եւ նոր լուսանկարներու ցուցահանդէս, ինչպէս նաեւ Արմէն Հախնազարեանի աշխատասիրած «Արտազի Երեք Վանքերը» նորատիպ հատորի շնորհահանդէսը, կազմակերպութեամբ Եունեսքոյի եւ ղեկավարութեամբ Իրանի մէջ Հիմնարկի ներկայացուցիչ տիկ. Շէռլի Աւետեանի
ԴՈԿՏ. ԱՊԱՏԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ
ՓՈԽԱՆՈՐԴԻՆ ՅԱՆՁՆԵՑ
Ս. ԹԱԴԷԻ ՎԱՆՔԻՆ ՏՐՈՒԱԾ ԵՈՒՆԵՍՔՈՅԻ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐԸ
Թաւրիզ, Ազգային Առաջնորդարան - Շաբաթ 14 Յուլիս 2012-ին, Ս. Թադէի վանքին մէջ Ս. եւ անմահ պատարագի մատուցումէն ետք, Ատրպատականի Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան, Եունեսքոյի Իրանեան պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ տոքթ. Սէյիտ Ապատիի ձեռամբ հանդիսաւորապէս ստացաւ Ս. Թադէի վանքին տրուած Եունեսքոյի հովանաւորութեան հնգամեակի հռչակագիրը:
Տոքթ. Ապադի անգլերէն լեզուով խօսք առնելով վերահաստատեց Եունեսքոյի հովանաւորութիւնը, ո- րուն հնգամեակը լրացած է արդէն: Կաթողիկոսական փոխանորդ Հայր Սուրբը ստանձնելով միջազգային կազմակերպութեան հովանաւորութիւնը հաստատող փաստաթուղթը, անգլերէն լեզուով պատասխանելով ներկայացուցչին, իր շնորհակալութիւնը յայտնեց սոյն կազմակերպութեան բոլոր անդամներուն, սկսած նախագահութենէն, մինչեւ խոնարհ պաշտօնեաներուն, որոնք նուիրումով կը սատարեն հնագիտական վայրերու, ու յատկապէս սրբավայրերու անաղարտ պահպանման: Ապա ան յուզումով ըսաւ, որ այս հռչակագիրը պէտք էր իր նախորդը՝ հոգելոյս Նշան եպս. Թօփուզեանը ստանձնէր, որովհետեւ իր օրով սկսած էր Եունեսքոյի հետ գործակցութիւնը, եւ Սրբազանը ինչքա՜ն աշխատանք կատարած էր այս ուղղութեամբ: Հայր Սուրբը ըսաւ, որ վստահաբար Սրբազանին հոգին կը հրճուի երկնքի մէջ, տեսնելով ո՛չ միայն Եունեսքոյի, այլեւ Թեմի զաւակներուն շարունակական հոգածութիւնը Ատըրպատականի թեմի վանքերուն նկատմամբ:
Օտար մասնագէտները եւ Եունեսքոյի պաշտօնական հիւրերը մեծ գոհունակութեամբ մեկնեցան Ս. Թադէի վանքէն, մի անգամ եւս վկան դառնալով հայ ժողովուրդի խոր հաւատքին, որ քարերու լեզուով եւս արտայայտութիւն գտած էր, լեռնային ու քարահունչ մեր երկրին մէջ իրար ետեւէ դէպի երկինք խոյացնելով գմբէթները աստուածպաշտութեան մեր տաճարներուն: