Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով յայտնած է, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները տարածաշրջանային այցելութեան ընթացքին քննարկած են բարձր մակարդակով ձեռք բերուած համաձայնութիւնները լաւագոյնս իրականացնելու ձեւերը:


«Բանակցութիւններուն մէջ որոշ յառաջընթաց կայ: Մենք  քննարկած ենք միջադէպերն ու անոնց պատճառով ծագած հարցերը, ինչ որ շատ կարեւոր նիւթ է: Յունիս 4-6ին արձանագրուած են դէպքեր, որոնց իբրեւ հետեւանք՝ մարդկային զոհեր արձանագրուած են», նշած է Փոփով: Անոր համաձայն, քննարկման նիւթ եղած է նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն փարիզեան հանդիպումը: «Կը կարծեմ, թէ այս հանդիպումները շարունակական պիտի ըլլան: Նախ մենք առանձին հանդիպում պիտի ունենանք նախարարներուն հետ, այնուհետեւ տեղի պիտի ունենայ նախարարներու դէմ առ դէմ հանդիպումը, այդ քննարկումներուն լոյսին տակ կը ճշդուի նախագահներու մակարդակի հանդիպման կարելիութիւնը», ըսած է ան։
Յատկանշական իրագործում մը կարելի է նկատել այն, որ Լեռնային Ղարաբաղի օդակայանի բացման ծրագրին վերաբերեալ համանախագահները կողմերէնի հաւաստիացումներ ստացած են որ քաղաքացիական ինքնաթիռներու նկատմամբ ուժ պիտի չկիրառուի: Այսուհանդերձ համանախագահները վերահաստատած են, որ օդակայանի գործունէութիւնը չի բերեր Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի փոփոխութեան: