ԵՐԵՒԱՆ.- Չորեքշաբթի, Յուլիս 11ին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անրի Ռենօ յայտարարեց, թէ
Ֆրանսայի գործող նախագահը հաւատարիմ պիտի մնայ նախընտրական շրջանին ըրած իր յայտարարութիւններուն եւ պիտի վարէ այնպիսի քաղաքականութիւն մը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը կրկին շրջանառութեան մէջ դրուի: «Էլիզէեան պալատը կը խորհի այն եղանակներուն մասին, թէ ի՞նչ կերպով օրինագիծը կարելի է կրկին վերադարձնել խորհրդարան: Ատիկա կը կատարուի առանց այս կամ այն երկրի ազդեցութեան», ընդգծեց դեսպան Ռենօ՝ աւելցնելով. «Ասիկա Ֆրանսայի նախաձեռնութիւնն է: Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացումը նուրբ հարց է, քանի որ Ֆրանսայի մէջ կ՛ապրին ցեղասպանութենէն փրկուած հայեր»: