Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ազգային ժողովի Հայ Ազգային Քոնկրես խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան երէկ կա-յացած մամլոյ ասուլիսին հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ՝ տեղեկացնելով, որ Ազգային ժողովի չորս խմբակցութիւններ՝ 

Հայ ազգային քոնկրեսը, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը եւ Ժառանգութիւնը հանդէս պիտի գան Ազգային ժողովի արտահերթ նստաշրջան գումարելու նախաձեռնութեամբ, որուն օրակարգին վրայ պիտի ըլլայ «Հարսնաքար»-ի միջադէպին հետ կապուած Ազգային ժողովի ժամանակաւոր յանձնախումբ ստեղծե- լու հարցը:
Իբրեւ նման նախաձեռնութեամբ հանդէս գալու պատճառներ՝ Լեւոն Զուրաբեան թուարկեց «Հարսնաքար» ճաշարանային համալիրին մէջ 17 Յունիսին տեղի ունեցած միջադէպին եւ անոր իբրեւ արդիւնք Վահէ Աւետեանի մահանալուն հետ կապուած հասարակութեան մէջ յառաջացած մեծ լարուածութիւնը: