Վրաստանի հայաբնակ Ջաւախքի շրջանէն ներս իրավիճակը երբեք հանգիստ չէ, բայց վերջին ժամանակները ՆԱԹՕ մտնելու Վրաստանի մտադրութեան եւ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու լարուածութեան հետ կապուած խնդիրները, սկսած են յառաջացնել հայ բնակչութեան հիմնաւորուած անհանգստութիւնը:
Կարինէ Տէր-Սահակեան panarmenian.net-ի մէջ հրատարակուած իր գրութեամբ, կ'անդրադառնայ այս իրավիճակին, դիտել տալով թէ Ջաւախքցիներու մտահոգութիւնը կարելի է հասկնալ՝ եթէ Վրաստանը ՆԱԹՕ-ի անդամակցի, ապա Ջաւախքի տարածքէն ներս պիտի տեղակայուի ռազմական բաժին, որը, անտարակոյս, պիտի համալրուի թրքական զօրքերով: Այդ միայն մէկ բան կը նշանակէ՝ թէ հայ բնակչութիւնը զանգուածային կարգով ստիպուած պիտի ըլլայ գաղթելու իր պատմական հայրենիքէն կամ առանձնանալ Վրաստանէն: Տուեալ պարագային Թիֆլիսին օգնութիւն կու գայ Պաքուէն եւ Անգարայէն, իսկ ջաւախքահայերուն համար դժուար կÿըլլայ յուսալ Ռուսաստանէն օգնութիւն ստանալու մասին:
Հայաստանը այս պարագային նոյնպէս վատ դաշնակից է, չլուծուած ղարաբաղեան հակամարտութեան պատճառով: Երեւանը ուղղակի ի վիճակի չէ այս հանգրուանին զինուած կամ այլ բնոյթի օգնութիւն ցուցաբերել Ջաւախքին: Աւելին, եթէ իրադարձութիւնները զարգանան նման ձեւով, Հայաստանը հաստատ կը զրկուի արտաքին աշխարհի հետ հաղորդակցութենէն, այլ կը մնայ միայն մէկ ցամաքային ճանապարհ՝ Իրանի տարածքով: Այնպէս որ, Երեւանը չի կրնար խրուել մէկ եւս հակամարտութեան մէջ, անվտանգութեան նկատառումներով, թէեւ իրենք՝ ջաւախքցիները, կը մեղադրեն Հայաստանի իշխանութիւններուն իրենց դժբախտութիւններու հանդէպ ցուցաբերուած անտարբերութեան մէջ:
Պաշտոնական Թիֆլիսի քաղաքականութիւնը այս հարցին մէջ անցանկալի է: Ներկայ նախագահը կը շարունակէ Զվիատա Կամսախուրտիայի աւանդոյթը, որ հռչակած էր «Վրաստանը՝ վրացիներուն համար»:
Լիովին հաւանական է նաեւ Վրաստանի սահմանադրութեան փոփոխութիւնը, ուր Թուրքիոյ նման բոլորը անխտիր կÿարձանագրուին որպէս վրացիներ: Եւ...չկայ ագզ, չկայ խնդիր:
Նոյն պահուն, Թիֆլիսը, որ արդէն վարժուած է իր բոլոր դժբախտութիւններու մեղաւոր համարել Քրեմլինը, ուղղակի մեղադրած է Ռուսիոյ իշխանութիւններուն՝ հայաբնակ Ջաւախքի մէջ գործուած «չարաշահումներու» գործով:
panarmenian.net