Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ջաւախքի մէջ ընկերային-տնտեսական վիճակի բարելաւման եւ աշխատատեղերու ստեղծման նպատակով «Ջաւախք» հայրենակցական միութիւնը նախաձեռնած է ընկերային-տնտեսական առեւտրական ծրագիրներու։ Արդէն իսկ բանակցութիւններ կը կատարուին ծագումով ջաւախքցի գործարարներուն հետ՝ Հայաստանի եւ արտասահմանի մէջ:

Անոնց ներկայացուած են առեւտրական յստակ ծրագիրներ եւ առաջարկուած են ներդրում կատարել Ջաւախքի մէջ՝ ստեղծելով աշխատանքի վայրեր եւ մեղմելով ընկերային-տնտեսական լարուածութիւնը:
«Սոցիալ-տնտեսական լարումը Ջաւախքում յատկապէս իր գագաթնակէտին է հասել այն ժամանակ, երբ ռուսական ռազմապազան 2007ին դուրս եկաւ Ջաւախքից, շատ աշխատատեղեր կրճատուեցին, եւ չնայած Վրաստանի նախագահ Սահակաշվիլին յայտարարել էր, որ հատուցելու են աշխատատեղերի պակասը բանակի մթերումները հէնց Ջաւախքից իրականացնելով, սակայն այդպէս էլ իրականութիւն չդարձաւ», նշած է «Ջաւախք» հայրենակցական միութեան նախագահ, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Շիրակ Թորոսեանը:
Առեւտրական այս ծրագիրները հիմնականին մէջ կը վերաբերին գիւղատնտեսական ապրանքներու մշակման, քանի որ Ջաւախքը կը նկատուի բնապահպանօրէն մաքուր գիւղամթերքի արտադրութեան տարածաշրջան:
Շիրակ Թորոսեան յայտնած է, որ խորհրդային տարիներուն Ջաւախքի մսամթերքն ու կաթնամթերքը յատուկ կերպով կը ղրկուէին Մոսկուա՝ խորհրդային միութեան իշխանութիւններուն, իսկ ջաւախքեան պանիրի տեսակները տիեզերագնացներուն օրապահիկին մաս կազմած են։ Հետեւաբար իրենք կաթ- նամթերքի ու մսամթերքի, ինչպէս նաեւ գետնախնձորի, բնական մաքուր ջուրերու արտադրութեան ու վերամշակման ծրագիրներ առաջարկած են: Որոշ առեւտրական-ծրագիրներ առաջարկած են նաեւ շինանիւթի արտադրութեան ոլորտին մէջ, քանի որ Ջաւախքը հարուստ է, օրինակ, պազալթով, աւազով:
Ներկայացուած առաջարկները հետաքրքրութիւն յառաջացուցած են մեծ թիւով գործարարներու մօտ։ Անոնք սկսած են ուսումնասիրել առաջարկները: Կը նախատեսուի այս տարուան աշնան մեծ առեւտրական-ֆորում կազմակերպել Ջաւախքի մէջ ծնած ջաւախքցի (ոչ միայն) գործարարներուն համար, ուր վերջնականապէս պիտի ամփոփուին բոլոր առաջարկներն ու ծրագիրները։