Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Տումայի նախագահ Սերկէյ Նարիշքին Պաքուի մէջ ուսանողներու հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է, որ եթէ գտնուի տագնապի լուծման այնպիսի միջոց, որ կը բաւարարէ երկու կողմերը, ապա Ռուսիա պատրաստ պիտի ըլլայ հանդէս գալու իբրեւ այդ համաձայնութեան երաշխաւորը:


Ան նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հարցին մէջ Ռուսիոյ դիրքորոշումը անփոփոխ է: «Մենք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի պատրաստ բանաձեւերով լուծման դէմ ենք: Մենք համոզուած ենք, որ այդ խնդիրը պիտի լուծուի, եթէ երկու կողմերուն շահերը բաւարարուին: Ռուսիա պատրաստ է այդպիսի համաձայնութեան երաշխաւորը դառնալու: Սակայն տագնապի լուծման պատասխանատուութիւնը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն վրայ», ըսած է ան:
Տումայի նախագահը յիշեցուցած է, որ Ռուսիոյ նախկին նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի նախաձեռնութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները տասը անգամ հանդիպած են: «Այդ հանդիպումները կարելի չէ բացարձակապէս անարդիւնաւէտ  նկատել: Անոնք թոյլ տուած են բացայայտել կողմերուն դիրքորոշումը՝  տագնապի լուծման ճամբուն վրայ», ըսած է ան: