Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Արցախի մարտական դիրքեր այցելած են  լրագրողները եւ ծանօթացած մեր անվտանգութիւնը ապահովող զինուորներու ծառայութեան ու առօրեային:

Հայաստանեան մամուլի մէջ  երբեմն բացասական, երբեմն նաեւ ոչ առարկայական յիշատակումներու արժանացած “Եղնիկներ” զօրամաս այցելած էր Արցախի    պաշտպանական բանակի հրամանատար Մովսէս Յակոբեանը,  ներկայացնելու համար Զինուած Ուժերու մէջ տիրող իրավիճակը, ինչպէս եւ սահմանային ռազմական դրութիւնը, որ այնքան ալ խաղաղ չէ։
Զօրավարը նշած է թէ արտակարգ պատահարներու թիւը, նախորդ տարուայ առաջին կիսամեակի համեմատ, նուազում արձանագրած է: «Ցաւով կը նշենք, թէ աճած է ինքնասպանութիւններու թիւը» ըսած է ան, աւելցնելով թէ «անցեալ տարի ունեցել ենք 1 դէպք, իսկ այս տարի եղել է ինքնասպանութեան 4 դէպք: Բոլոր դէպքերի համար էլ յարցուցուել են քրէական գործեր: Դէպքերից մէկն արձանագրուել է Եղնիկներում, մէկը՝  5-րդ, մէկը՝  4-րդ եւ վերջինը՝  1-ին պաշտպանական շրջանում: Իսկ հակառակորդի կողմից արձակած կրակոցից ունենք երկու զոհ՝  անցեալ տարուայ 8-ի փոխարէն»:
Զօրավար Մովսէս Յակոբեանը ինքնասպանութիւններու աճի հիմնական պատճառներէն  մէկը կը մատնանշէ այնպիսի իրավիճակներու առկայութիւնը, երբ զինծառայողը ելք չի տեսներ  եւ նման քայլի կը դիմէ։ Պակաս կարեւոր չեն նաեւ հոգեբանական թոյլ պատրաստուածութիւնն ու ընտանեկան դժուարութիւնները։ Սակայն պէտք է շեշտել, թէ կը ձեռնարկուին բոլոր անհրաժեշտ քայլերը՝  ինքնասպանութիւններու թիւը նուազեցնելու, ապա նաեւ անոնք վերացնելու համար:
«Որոշում եմ կայացրել. իմ հեռախօսահամարը բոլոր տեղերում հրապարակուած է, եւ բոլոր  զինծառայողներն իրաւունք ունեն ինձ զանգել: Հրապարակուած է նաեւ զօրամասի հրամանատարի հեռախօսահամարը, որպէսզի զինուորն անելանելի իրավիճակում գտնուելու դէպքում գոնէ կարողանայ զանգահարել, եւ մենք էդ պահին կոնկրետ միջոցներ կը ձեռնարկենք իրեն օգնելու համար»,- ըսած է զօրավար Յակոբեանը:
Նախարարի խօսքով, թշնամին ամէն ինչ կÿընէ, որպէսզի լարուածութիւնը  աւելցնէ  ԼՂՀ պաշտպանական դիրքերուն մէջ:  Ատրպէյճանցիները միջազգային  հանրութեան առջեւ  հիմնականօրէն կը  ձգտին ապացուցել, որ ԼՂՀ հիմնահարցը լուծում չէ ստացած, եւ հարցի վերջնական կարգաւորման համար կարելի է նոյնիսկ  պատերազմ ծագիլ:
«Պատերազմի վերսկսումը միշտ հնարաւոր է, բայց, բոլոր դէպքերում, ձեզ վստահեցնում եմ, որ վերըս- կըսման դէպքում նորից յաղթելու ենք` աւելի լաւ իրավիճակում լինելով։ Հասնելու ենք աւելի լաւ դիրքերի, քան այսօր կայ: Այսինքն, մեր մարտական դիրքերն աւելի բարելաւելու ենք”,- նշեց նախարարը։
Ինչպէս անցեալ տարի, նոյնպէս դարձեալ,  բանակը սպառազինուած  է նոր ռազմական արհեստագի-տութեան սարքերով: Պաշտպանութեան բանակէն ներս մշակուած է նաեւ կարգապահութեան գնահատման նոր կանոնակարգ, որը ի գործ դրուած է արդեն:
Հակառակ եղած դժուարութիւններուն, ատրպէյճանական ռազմատենչ հռետորաբանութեան, արցախեան պատերազմով անցած զօրավարը  համոզուած է. «ԼՂՀ-ն Ատրպէյճանի կազմում երբեք չի եղել եւ ոչ էլ կը լինի»: