Հ.Յ.Դ. Հայաստանի կազմակերպական կառոյցը Յուլիս 5-8 Լոռիի մէջ գումարուած 17-րդ Գերագոյն ժողովի աւարտին ընտրեց Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Մարմնի նոր կազմը: Այսպիսով նախկին իննի փոխարէն հիմա ԳՄ անդամները 11 հոգի են:
Հ.Յ.Դ. ԳՄ նոր անդամներն են՝ Արմէն Ռուստամեանը, Միքայէլ Մանուկեանը, Հրաչեայ Թադեւոսեանը, Սպարտակ Սէյրանեանը, Արսէն Համբարձումեանը, Արծուիկ Մինասեանը, Ռոմիկ Մանուկեանը, Աղուան Վարդանեանը, Յովիկ Թադեւոսեանը, Վարդան Ալեքսանեանը եւ Արտաշէս Նիկոյեանը:
Մամլոյ ասուլիս
«Հ.Յ.Դ.ն տրամադրուած է նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցիլ՝ սեփական թեկնածուով» յայտնեց Արմէն Ռուստամեանը Երեւանի «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնէն ներս կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
Հաշուի առնելով ընդդիմութեան կողմէ միասնական թեկնածուով հանդէս գալու տարբերակները եւ ընդհանրապէս արձագանգուող լուրերը, Ռուստամեան յայտնեց, թէ վերջնական որոշում դեռ չկայ, այլ որոշումը կը կայացնէ Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Ժողովի յատուկ նիստը, որ պիտի հրաւիրուի միայն այս հարցի կապակցութեամբ:
Ա. Ռուստամեան յայտնեց նաեւ, թէ Հ.Յ.Դ. տրամադրուած է աշխուժ մասնակցութիւն բերել յառաջիկայ Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններուն:
ՀՅԴ ԳՄի ներկայացուցիչը անդրադարձաւ Լոռիի մէջ կայացած ժողովի մթնոլորտին, դիտել տալով թէ նիստերը ընթացած են անկաշկանդ մթնոլորտով, քննարկուած են 100է աւելի հարցեր, որոնց կարգին՝ պետութեան ընկերային-տնտեսական խնդիրները, ահագնացող արտագաղթը, աղքատութիւնը, արտաքին պարտքը եւ մենաշնորհները: