Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Ֆրանսուա Հոլլանտի ընտրութենէն ի վեր, նոյնիսկ՝ նախագահական ընտրապայքարէն ի վեր, թրքական պետութիւնը արդէն իսկ սկսաւ իր խուսանաւումներուն եւ որդեգրեց նոր մարտավարութիւն:

Անգարա յայտարարեց, որ Հոլլանտի եւ Սարքոզիի քաղաքականութեանց միջեւ կայ մեծ տարբերութիւն՝ հայկական օրակարգով, եւ թէ Հոլլանտ աւելի մեղմ ու դրական է Թուրքիոյ նկատմամբ, քան՝  Սարքոզի»,- Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթին յայտնած է ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան:
Վարժապետեան աւելցուցած է ըսելով, որ «Այս մարտավարութեամբ թրքական կողմը կը մտադրէ նաեւ սեպ խրել կամ աւելի մեղմ ըսած՝ խանգարել Հոլլանտի հետ ֆրանսահայ համայնքի լաւ յարաբերութիւնները: Հոլլանտի ընտրութենէն ի վեր, քանի մը տարբեր առիթներով թրքական կողմի այս քաղաքականութիւնը արձանագրեց քարոզչական յաջող կէտեր: Ֆրանսական մամուլը եւ անոր ճամբով միջազգային մամուլը անմիջապէս արձագանգեցին, եւ պէտք է ընդունիլ, որ որոշ մշուշ պատեց հայկական օրակարգին վերեւ: Առնուազն անոնք յաջողեցան կասկածներ սերմանել Հոլլանտի խոստումներուն շուրջ, զորս տուած էր ան քանի մը տարբեր առիթներով, վերջինը՝ 24 Ապրիլին:
Յուլիս 5-ին Տաւութօղլուի այցելութեան առիթով կատարած իր յայտարարութեամբ, արտաքին գործոց նախարար Ֆապիւսի ելոյթը այս առումով եղաւ ամէնէն փոթորկալին: Հայ համայնքը, Ֆրանսահայ կազմակերպութեանց խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանի ճամբով անմիջապէս դիմեց նախագահին, որ իր ծանօթ յայտարարութեամբ վերստին հանդարտեցուց արդարօրէն ընդվզած հայ համայնքը՝  վերահաստատելով իր խոստումը, թէ Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման քրէականացման օրինագիծը անգամ մը եւս պիտի բերէ Ազգային ժողովի օրակարգին վրայ: