Print
Category: Հայաստան-Արցախ

   «Ոսկէ ծիրան» 9րդ փառատօն   

Երեւանի Շառլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ փռուած աւանդական կարմիր գորգով բացումը կատարուեցաւ «Ոսկէ Ծիրան» 9-րդ միջազգային կինոփառատօնի:


Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը, մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը: Այս տարի փառատօնի ծրագրին մէջ ընդգրկուած են շուրջ 170 լիամետրաժ, կարճամետրաժ խաղարկային եւ վաւերագրական ֆիլմեր:

Տասնեակ բեմադրիչներու, հարիւրաւոր հրաւիրեալներու   եւ շարժապատկերի աշխարհի երգրպագուներու ներկայութեան, Երեւանի շարժապատկերի «Մոսկուա» թատրոնի Կապոյտ դահլիճէն ներս, ընթացքի մէջ է շարժապատկերի ժապաւէններու ցուցադրումը:
Փառատօնը պիտի աւարտի Մայքըլ Հանէքէի «Սէր» ժապաւէնով, որ արժանացած էր Քաննի 65-րդ փառատօնի գլխաւոր մրցանակին։ Շարժարուեստի ամենահեղինակաւոր մրցանակներէն մէկու՝ «Ոսկեայ արմաւենի»ի կրկնակի մրցանակակիր, հռչակաւոր Մայքըլ Հանէքէի սիրոյ եւ հաւատարմութեան մասին պատմող այս ժապաւէնը յատկապէս արժեւորուած է աշխարհահռչակ դերասաններու՝ Ժան Լուի Թրիթինիանի, Էմմանուէլա Ռիվայի եւ Իզապէլ Հուպէրթի խաղով։ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ համատեղ արտադրութեամբ ստեղծուած ժապաւէնը տարեց զոյգի մը՝ երաժշտութեան ուսուցիչներ Աննի եւ Ժորժի սիրոյ փորձութեան պատմութիւնն է։
«Արմէնփրէս»ի համաձայն, «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի մամլոյ պատասխանատու Անահիտ Օրդեան ըսաւ, թէ փառատօնը պիտի եզրափակուի յիշեալ ժապաւէնի բացառիկ մէկ ցուցադրութեամբ։ Ի դէպ, «Երեւանեան անդրանիկ ցուցադրութիւններ» ծրագրի մէջ պիտի ցուցադրուի նաեւ Քաննի փառատօնի այս տարուան բացման ժապաւէնը՝ Ուէս Էնտըրսընի «Լուսնկայի թագաւորութիւն»ը։ Այս բաժնի մէջ պիտի ներկայացուին նաեւ Քաննի հիմնական մրցոյթի մասնակից «Բլուրներէ այն կողմ» եւ «Դրախտ, սէր» ժապաւէնները։
Խորհրդանշական է, որ «Ոսկէ ծիրան»ը այս տարի պիտի սկսի գրական ստեղծագործութեան մը ներկայացմամբ. փառատօնը այս տարի բացուեցաւ  Համօ Բէկնազարեանի 1926-ին ստեղծուած «Շոր եւ Շորշոռ» կատակերգութեամբ (ըստ՝ Մ. Բագրատունիի պատմուածքի), որ Յուլիս 8-ին  ներկայացուեցաւ Վահագն Հայրապետեանի եւ իր ճազ-խումբի նոր երաժշտական ձեւաւորմամբ։
«Ոսկէ ծիրան» փառատօնը, որ կ'իրականանայ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ, այս տարի պիտի աւարտի Յուլիս15ին: Փառատօնի հովանաւորն է «Վիվասել»ը:

«Փարաջանովեան թալեր» մրցանակ

Ինչպէս հաղորդած էինք մեր երէկուան թիւով, սպանացի անուանի բեմադրիչ Վիկտոր Էրիսէին եւ վրացական շարժապատկերի վարպետ Էլդար Շենգելայային յանձնուեցաւ «Փարաջանովեան թալեր» մրցանակը: Փառատոնի բարեկամ կինոռեժիսոր (շարժապատկերի բեմադրիչ) Ռոման Բալայեանը նկատել տուաւ, որ եթէ ժամանակին Շենգելայան չըլլար, ապա Փարաջանովին թոյլ չէին տար Թիֆլիսի մէջ աշխատանք տանելու:
«Փարաջանովեան թալեր» մրցանակը պատրաստուած է այն շիշի մետաղեայ կափարիչի նմուշով, որու վրայ Փարաճանովը եղունգով փորագրած էր բանտին մէջ եղած ժամանակ: Այս պարգեւը կը շնորհուի շարժապատկերի աշխարհէն ներս իրենց ունեցած վաստակին համար:
Նոյն մրցանակին պիտի արժանանայ նաեւ փառատօնի հիւր չեխ  բեմադրիչ Ագնեշկա Հոլանտը (հայ հանդիսատեսին ծանօթ է սկանդալային «Լիակատար խաւարում» ֆիլմէն): Հոլանտէն զատ փառատօնը իրենց ներկայութեամբ պիտի պատուեն համաշխարհային շարժապատկերի այնպիսի անուններ, ինչպէս են Վատիմ Աբդռաշիտովը, Ալեքսանդր Սոկուրովը եւ այլք:

Ֆրանսահայ ծանօթ դերասան եւ բեմադրիչ Սերժ Աւետիքեան հանդէս կուգայ Փարաճանովի դերով:
Ժապաւէնի նկարահանումը արդէն աւարտած է, իսկ մոնթաժման աշխատանքները պիտի սկսին Սեպտեմբերին:
Նկարահանումները կատարուեցան Վրաստանի, Փարիզի, Քիեւի եւ Լվովի մէջ:

 

-----------------------------------------------------------

Սերժ  Աւետիքեանի 
«Փարաճանով՝ գեղեցիկի  սիրահարը»  ֆիլմի նկարահանումները  աւարտեցան

Փարաճանով՝ գեղեցիկի սիրահարը միջազգային նախագիծ հանդիսացող նոր գեղարուեստական ժապաւէնի  նկարահանումները աւարտեցան Լվովի մէջ:  Ֆիլմի նկարահանման աշխատանքները սկսած էին Մայիս 1-ին՝  Թիֆլիսի մէջ:
«Աւարտելով նկարահանումները եւ կարծես հեռուէն  դիտելով կատարուած աշխատանքը՝ վստահ եմ, որ այնքան հարուստ նիւթ հաւաքուած է, որ շատ դժուար պիտի ըլլայ այն ձեւաւորել»,- Փարիզէն  յայտնեց  ֆրանսահայ բեմադրիչ եւ դերասան, ֆիլմի համառեժիսոր Սերժ Աւետիքեանը, որ ֆիլմին մէջ կը  մարմնաւորէ Փարաճանովը:
Ինչպէս կը յայտնէ Սերժ Աւետիքեանը նկարահանումները կատարուեցան Վրաստանի, Փարիզի, Քիեւի եւ Լվովի մէջ: Նկարահանումներու ընթացքին ժապաւէնի բոլոր դերակատարները յատուկ կերպով կը զգային Փարաճանովի հզօր եւ յագեցած կերպարի ազդեցութիւնը:
Բեմադրիչի խօսքերուն համաձայն՝ այս ֆիլմին մէջ մարդիկ պիտի յայտնաբերեն բոլորովին նոր երեւակայութիւն մը, նոր պատկերացում մը պիտի ունենան ֆիլմի գլխաւոր հերոսի մասին:
Ֆիլմի երաժշտութեան հեղինակը ֆրանսացի Միշել Կարսկին է:  «Փարաճանով՝ գեղեցիկի սիրահար»-ի մոնտաժման աշխատանքները  պիտի սկսին Սեպտեմբերին: Ֆիլմը ամենայն հաւանականութեամբ  պիտի յանձնուի  հանդիսատեսներու դատին Քաննի կինոփառատօնի ընթացքին  2013 թուականի գարնան: Ֆրանսական «Արտէ» ալիքը  արդէն գնած է այն հեռարձակելու իրաւունքը:
Ժապաւէնի նկարահանման առիթով լուսանկարները՝ Եուրի Մեչետովէն