Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Յուլիս 18-ին ՀՀ ԱԳ նախարար Էդվարդ Նալբանդեանը հեռախօսային զրոյց ունեցած է Ռուսիոյ իր պաշտօնակից նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ՝ ռուսաստանեան կողմի նախաձեռնութեամբ: Զրոյցի ընթացքին քննարկուած են  ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին առնչուող հարցեր:

Էդվարդ Նալբանդեան եւ Սերկէյ Լաւրով քննարկած են բանակցութիւններուն մէջ բարենպաստ մթնոլորտի ստեղծման համար յաւելեալ ջանքերու գործադրման հնարաւորութիւնները:
Նախարարները անդրադարձած են Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումներուն, որոնց ընթացքին քննուած էին հրադադարի հաստատման եւ ռազմական բնագաւառէն ներս վստահութեան ամրապնդման բոլոր վիճելի հարցերը:
ՀՀ նախարարը իր ռուս գործընկերոջ տեղեկացուց, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի ներկայացուի ՀՀ նախագահի պատասխանը՝ Ռուսիոյ նախագահի ուղերձին: