
«Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը Տաւուշի մարզ
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ իրականացող «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի պարարուեստի օրերու յաջորդ հանգրուանը Շիրակի եւ Լոռի մարզերէն ետք Տաւուշի մարզն էր:
Յուլիս 3-ին փառատօնի մասնակից երկու պարախումբ մեկնեցաւ Տաւուշի մարզ: Համերգը տեղի ունեցաւ Բերդ քաղաքի մշակոյթի տան մէջ:
Լոս Անճելըսի «Գէորգեաններ»
պարարուեստի ակադեմիայի համերգը
Յուլիս 4-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ իրականացող «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ծիրէն ներս «Արամ Խաչատրեան» համեր- գասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի «Գէորգեաններ» պարարուեստի ակադեմիայի համերգը՝ նուիրուած ակադեմիայի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր պալետի ուսուցիչ Վարդան Գէորգեանի ստեղծագործական 30 եւ ծննդեան 50-ամեակներուն:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, ողջունելով ներկաները, նշեց. «…Վարդան Գէորգեանը իր ամբողջ ստեղծագործական կեանքը նուիրած է հայ արուեստին, հայ մշակոյթին: Նա եւ կինը` Սիրանոյշ Գէորգեանը, ստեղծել են մի հոյակապ կառոյց, որը կոչւում է Պարարուեստի ակադեմիա եւ այնտեղ կրթել, դաստիարակել հայ երիտասարդ պատանիներին եւ աղջիկներին: … Տէր եւ տիկին Գէորգեանները հայ պարարուեստի, հայ ինքնութեան, հայապահպանութեան դեսպաններն են Ամերիկայում»:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հ. Յակոբեանը Վ. Գէորգեանին պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» մետալով՝ ազգանուէր գործունէութեան, հայ պարարուեստին անմնացորդ նուիրումի, հայկական մշակութային արժէքներու պահպանման ու տարածման գործով ունեցած ներդրման համար:
Վ. Գէորգեանը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ սփիւքի նախարարութեան հայրենիքի մէջ ունեցած ելոյթներուն համար, նշեց. «Հայրենիքի կողմէ այսպիսի գնահատական նոր ուժ կը հաղորդէ մեր երեխաներուն՝ աւելի մեծ ոգեւորութեամբ շարունակելու հայապահպան գործունէութիւնը»:
«Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ընթացքը տպաւորիչ է
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրը սկիզբէն արդէն գոհացուցած է շատ մասնակիցներ: Աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած հայեր հնարաւորութիւն ստացած են մասնակցելու հայոց լեզուի դասընթացներու, ազգագրական եւ ժողովրդական պարերու դասերու եւ շփուել Հայաստանի լաւագոյն մասնագէտներու հետ: Ծրագիրը սկսած է Յունիս 25-ին եւ մինչեւ Յուլիս 13-ը շատ սփիւռքահայերու կը շարունակի հիացնել եւ վարակել ազգային ոգով, ինչի ամենավառ ապացոյցը մասնակիցներու վառվռուն աչքերն ու միանշանակ դրական տպաւորութիւններն են:
«Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին մասնակից պարախումբերը Լոռիի մէջ
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կայացող «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ծիրին մէջ պարարուեստի օրեր տեղի կ՛ունենան Հայաստանի մարզերուն մէջ: 2 Յուլիսին փառատօնին մասնակից չորս պարախումբեր մեկնած են Լոռի: Անոնք այցելած են Սպիտակ, երկրաշարժի զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշահամալիր՝ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու անմեղ զոհերու յիշատակին:
Վանաձորի Շարլ Ազնաւուրի անուան մշակոյթի պալատի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է համերգ, որուն ընթացքին հանդէս եկած են Ռումանիոյ Պուքրէշ քաղաքի հայկական միութեան «Վարդավառ» պարախումբը, Իրանի Սպահան քաղաքի «Արարատ» մշակութային միութեան «Կռունկ» համոյթը, Ռուսիոյ Նիժնի Նովկորոտի հայկական համայնքի «Նայիրի» պարախումբը, Վրաստանի Ախալքալաքի շրջանի մշակոյթի կեդրոնի «Վաչեան» համոյթը: