Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերու խաղաղապահ գունդի հրամանատար, զօր. Արթուր Սիմոնեան յայտնած է, որ Հայաստանը արդէն վերահաստատած է իր մասնակցութիւնը Քոսովոյի խաղաղապահներու առաքելութեան միանալու, եւ հայ խաղաղապահներու զօրախումբը 6 Յուլիսէն արդէն մեկնեցաւ Քոսովօ։

«Հայ խաղաղապահները Քոսովոյի առաքելութեանը միանալու են 35 հոգանոց անձնակազմով՝ ամերիկեան ստորաբաժանման կազմում», յայտնած է Սիմոնեան: Անոր համաձայն, առաքելութեան ժամկէտներու որեւէ փոփոխութիւն չէ կատարուած, եւ հայ խաղաղապահները պիտի մեկնին վեց ամսուան համար: Ան նշեց, որ յուշագիրի կէտերը եւս որեւէ փոփոխութեան չեն ենթարկուած:
Ամերիկեան կողմին հետ արդէն այս առնչութեամբ փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրուած է։
Նշենք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը միջազգային խաղաղապահ ուժերու առաքելութիւններուն մասնակցելու սկսած է 2004 թուականին: Նոյն տարին Հայաստան խումբով մը միացած է նաեւ ՆԱԹՕի խաղաղապահ առաքելութեան՝ Քոսովոյի մէջ: