Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Տասնեակ բեմադրիչներու, հարիւրաւոր հրաւիրեալներու եւ շարժապատկերի  աշխարհի երգրպագուներու ներկայութեան, Երեւանի շարժապատկերի «Մոսկուա» թատրոնի Կապոյտ դահլիճէն ներս, բացումը կատարուեցաւ «Ոսկէ Ծիրան» Երեւանի 9-րդ միջազգային փառատօնին:


Այս տարուայ փառատօնի դատական կազմի նախագահն է անուանի սպանացի բեմադրիչ Վիկտոր Էրիսէն, որու յանձնուեցաւ «Փարաճանովեան թալեր» մրցանակը: Նոյն մրցանակը յանձնուեցաւ նաեւ վրացական շարժապատկերի վարպետ Էլտար Շենգելայային:
Ինչպէս նկատել տուաւ փառատօնի հիմնադիր-նախագահ Յարութիւն Խաչատրեանը, այս օրերուն շատ մեծ անուններ պիտի շրջին Երեւանի փողոցներուն մէջ. «մայրաքաղաքը արժանի է դրան եւ արժանի է նման կինոփառատօն ունենալու» ըսաւ ան:
Բացման արարողութիւնը վարեց ֆրանսահայ դերասան ու բեմադրիչ Ժիրայր Փափազեանը: Բացման ֆիլմը Համօ Բեկնազարեանի «Շորն ու Շորշոր»-ն էր:
Աւելի մանրամասն կ'անդրադառնանք մեր վաղուան թիւով: