«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Մոնթրէալի տեղական մարմինը՝ ի դէմս գանատահայ բարերարներ Վրէժ եւ Իմաստուհի Նիկողոսեաններու, կը շարունակէ ֆինանսաւորել Կոտայքի մարզի Աբովեան քաղաքի ծննդատան հիմնանորոգումը:
2010-էն սկսած հիմնանորոգուած են հիւանդանոցի ծնարանային-վիրահատական եւ հետծննդեան բաժանմունքները: Այս տարուայ Մայիսին բարերարներու խումբը՝ Մոնթրէալի տեղական մարմնոյ ատենապետ Անդրանիկ Շիրինեանի գլխաւորութեամբ, այցելեց ծննդատուն ծանօթանալու կատարուած աշխատանքներուն, որմէ ետք ստանձնեց յետծննդեան բաժանմունքի եւս երեք հիւանդասենեակներու նորոգումը: Հիւանդանոցը 27 տարի է, որ կը սպասարկէ Աբովեան քաղաքի եւ շրջակայ 20 գիւղերու բնակիչները: Գլխաւոր բժիշկ Լարիսա Մադոյեանի խօսքով՝ բաժանմունքները արդիա- կանացման խիստ կարիք ունէին, եւ այսօր բուժծառայութիւնները կը մատուցուին պատշաճ մակարդակով:
«Մեր ցանկութիւնն է, որ Հիմնադրամի բարերարները, անձամբ այցելեն իրենց հովանաւորած ծրագրերը եւ որոշեն, թէ որքանով է արդիւնաւետ տուեալ հաստատութիւնում նոր ծրագրերի նախաձեռնումը: Նման մօտեցումը բխում է ե՛ւ Հիմնադրամի, ե՛ւ հովանաւորող կողմի շահերից, քանի որ շահագործողին եւս պարտաւորեցնում է խնամքով շահագործել եւ պահպանել բարենորոգ կառոյցը»,- կը մեկնաբանէ «Հայաստան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը: