Լեռնային Ղարաբաղ այցելող օտար զբօսաշրջիկներու թիւը տարուայ 9 ամիսներու կտրուածքով աճած է 50 տոկոսով՝ 2010 թուականի նոյն ժամանակահատուածի համեմատ:
«Այս տարի զբօսաշրջիկների թուաքանակի աճը ռեկորդային էր՝ ‘ 50 տոկոս աճ նախորդ տարուայ համեմատ», - «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց Զբօսաշրջութեան
վարչութեան պետ Սերգէյ Շահվերտեանը: - «Դա շատ մեծ թիւ է՝ յատկապէս հաշուի առնելով միջազգային ճգնաժամային իրավիճակը, երբ որ ամէն տեղ զբօսաշրջային այցելութիւնների քանակները նուազում են»:
Շահվերտեանը յստակ թիւեր չհրապարակեց, սակայն ընդգծեց, որ վերոնշեալ ցուցանիշները կը վերաբերին «հաշուառման ենթակայ» զբօսաշրջիկներուն, կամ այլ ձեւով՝ այն օտար քաղաքացիներուն, որոնք Ղարաբաղ մուտք գործելու համար պէտք է մուտքի արտօնագիր՝ վիզա ստանան: Մինչ դեռ, ոլորտի պատասխանատուները նաեւ Հայաստանէն զբօսաշրջութեան զգալի աճ կÿարձանագրեն:
Նշենք, որ 2010 թուականին Լեռնային Ղարաբաղ այցելած էր շուրջ 8 հազար օտարերկրեայ զբօսաշրջիկ:
ԼՂ Զբօսաշրջութեան վարչու- թեան պետի կարծիքով, զբօսաշրջիկներու մեծ հոսքին նպաստած է յատկապէս Ղարաբաղի «դրական իմիջը (պատկերը) եւ երկրի արտաքին տեսքը»: Իսկ վերջին տարիներուն Ղարաբաղը սկսած է նաեւ ակտիվօրէն մասնակցիլ արտերկրի մէջ կազմակերպուող զբօսաշրջային ցուցահանդէսներին, այսպէ, որոշ պարագաներու յարուցելով Ատրպէյճանի զայրոյթը...
«Մեծ ազդեցութիւն է ունեցել նաեւ երկրի ընդհանրապէս կարգաւորումը՝ ճանապարհաշինութիւնը, հրապարակների բարեկարգումը, մայրաքաղաքի կանաչապատումը», - կարծիք յայտնեց Սերգէյ Շահվերտեանը:
Նշենք, որ Զբօսաշրջութեան վարչութիւնը աւարտած է հիւրանոցներու հաշուառման գործընթացը: Այս տարի Ստեփանակերտի մէջ բացումը կա- տարուեցաւ 1 հիւրանոցի: Երկու հիւրանոց եւս բացուած է Շուշի քաղաքէն ներս: Ղարաբաղի մէջ կը գործէ 32 հիւրանոց:
«Մենք կարող ենք գոնէ յստակ ասել, որ ունենք Ղարաբաղում մօտաւորապէս 800 ննջատեղ, բոլոր տեսակի հիւրանոցային տնտեսութեան օբյեկտներում եւ ունենք արդէն 1 հատ որակաւորում անցած հիւրանոց» կÿըսէ Շահվերտեանը:
Տարուայ ընթացքին Զբօսաշրջութեան վարչութիւնը հաշուառած, վերականգնած կամ ցանկապատած է Ղարաբաղի տարածքէն ներս գտնուող ինչպէս քրիստոնէական, այնպէս ալ մահմետական յուշարձանները: Իսկ ամենամեծ ձեռքբերումներէն մէկը, Շահվերտեանի խօսքերով, եղած է Ստեփանակերտի հարեւանութեամբ գտնուող միջնադարեան քաղաքի յայտնաբերումը:
«Ըստ հնագէտների, դա յայտնի Կարկառ բերդաքաղաքն է, որտեղ յայտնաբերուեցին շատ հետաքրքրական կառոյցներ. մի մասը քարաշէն է, մի մասը՝ աղիւսաշէն: Դրա կարեւորութիւնը ոչ միայն նրանում է, որ մենք 1 պատմական քաղաք եւս յայտնաբերեցինք, այլ նրանում, նաեւ, որ այդ քաղաքը կարելի է Ստեփանակերտի նախաքաղաքը համարել: Մի շատ սիրուն բարձրաւանդակի վրայ, անտառածածկ քաղաքներով այդ քաղաքը բաւակ հզօր տպաւորութիւն է թողնում», կÿըսէ Զբօսաշրջութեան կեդրոնի պատասխանատուն: