Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».¬ Հայաստան արդէն 6300 թոն ծիրան արտածած է այս տարի, իսկ շուրջ 3000 թոն կը գտնուի պահեստներուն մէջ:
3 Յուլիսին Երեւանի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այդ մասին յայտարարած է Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգօ Կարապետեանը:


Ան աւելցուցած է նաեւ, որ այս տարի ծիրանի լաւ բերք գոյացած է, ուստի արտածման քանակը պիտի գերազանցէ նախորդ տարուան սահմանը։ Անոր համաձայն, 2011ին ծիրանի բերքը կազմած էր 48.000 թոն, որուն 7300 թոնը արտածուած է, իսկ 2800 թոնը գնած են վերամշակող ընկերութիւնները: Ցած գիներով  գիւղացիներէն բերք գնելու պատճառով բարձրացած բողոքներուն առնչութեամբ նախարարը նշած է, որ շուկային մեծ պահանջքը ինք կը ճշդէ գիները։ Այսօրուան դրութեամբ մայրաքաղաքի շուկաներուն մէջ 1 քիլոկրամ ծիրանը 300-500 դրամ կ՛արժէ: