Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Տարածաշրջանային այցով Երեւան գտնուող ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ռոպերթ Պրատքէի խօսքով՝ ներկայիս Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման դիւանագիտական շատ աշխուժ փուլ կընթանայ

Երէկ առաւօտուն ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը ընդունեց Երեւան այցելող ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահները, որոնք Պաքուէն ետք հասան Հայաստան:
Համանախագահներ Ռոպըրթ Պրատքէի, Իկոր Փոփովի եւ Պեռնար Ֆասիէի հետ հանդիպումէն ետք, արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ քննարկումները կը շարունակուին արցախեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման համար: Ռ. Պրատքէ անդրադառնալով Քազանի հանդիպումին, ըսաւ որ անկէ ետք Հիլըրի Քլինթըն հեռախօսային զրոյց ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ: «Ուստի, ներկայիս, շատ աշխուժ փուլի մէջ կը գտնուինք եւ ես կը կարծեմ որ մենք պէտք է զգոյշ ըլլանք շտապ եզրակացութիւններ չընելու կամ արագօրէն գնահատականներ չտալու իմաստով», ըսած է Պրատքէ:


Հանդիպում Պաքուի մէջ

Ըստ Ատրպէյճանի նախագահի կայքէջին, Պաքուի մէջ իրականացած հանդիպումին ընթացքին մտքեր փոխանակուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցութիւններու ներկայ վիճակին եւ հեռանկարներուն շուրջ:
Կը նախատեսուի, որ շրջան իրենց այցելութեան ծիրին մէջ համանախագահները նաեւ Ստեփանակերտ այցելեն: