Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոպայ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանեց: Ան ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի ուղեկցութեամբ այսօր առաւօտուն այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը, ծաղկեպսակ զետեղեց եւ մէկ վայրկեանի լռութեամբ յարգեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:
Յաջորդաբար Հերման Վան Ռոպայ այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը, ուր ծանօթացաւ 20րդ դարու սկիզբին մարդկութեան դէմ իրագործուած մեծագոյն ոճիրը փաստող ցուցանմուշներուն: Ան զրոյց ունեցաւ թանգարանի տնօրէնին հետ:
Ինչպէս արդէն հաղորդած ենք, Եւրոպական Խորհուրդի նախագահը Կովկաս կÿայցելէ, հանդիպումներու շարք մը իրագործելով Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ: Այսօր նախատեսուած է իր հանդիպումը ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի հետ:
«Հայաստանը Եւրոպայի մէջ»
հասարակական ֆորում
Ֆորումի բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահը, որ դիտել տուաւ թէ Եւրոպական Միութիւնը կÿողջունէ Հայաստանի իշխանութիւններու ջանքերը, առաւել մրցակցային եւ թափանցիկ խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպելու ուղղութեամբ:
Ըստ իր խօսքերուն՝ վերջին խորհրդարանական ընտրութիւնները կարեւոր քայլ էին դէպի առաջ, «չնայած դեռ եւս կան որոշ խնդիրներ, որոնք նշուած են ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ դիտորդական առաքելութեան զեկոյցին մէջ» ըսաւ ան:
Աւելցուց թէ «կը հաւատանք, որ այս խնդիրները պիտի լուծուին մինչեւ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւնները»:
Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներու գործընթացին՝ ԵՄ նախագահը նշեց, որ բարեփոխումներ իրականացնելու Հայաստանի յանձնառութիւնը, որը հիմնուած է եւրոպական առանցքային արժէքներու վրայ, ողջունելի է: «Հասկնալի է, որ այդ Հայաստանի ռազմավարական ընտրութիւնն է: Ես կոչ կÿուղղեմ նախագահ Սար- գըսեանին, պատգամաւորներուն՝ շարունակել բարեփոխումները, բարձրացնել թափանցի- կութիւնը, վերացնել կաշառակերութիւնը, յարգել մարդու իրաւունքներն ու օրէնքի գերակայութիւնը, որոնց կարգին նաեւ խօսքի եւ արտայայտման ազատութիւնը. Հայաստանը ճիշդ ճանապարհին է, չնայած, որ դեռ եւս ընելիքներ կան»,- ըսաւ Վան Ռոմպայ: