Երեւանի Կասկատ համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը, ուր ներկայ էին ՀՀ կառավարութեան անդամներ, ՀՀ ԱԺ պատգամաւորներ, պետական, մշակութային գործիչներ, մտաւորականներ եւ այլ հիւրեր:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան:
Միջոցառման ծիրէն ներս տեղի կþունենայ համերգային ծրագիր: Ելոյթներով հանդէս կուգան 11 պարախումբեր (շուրջ 400 հոգի)՝ 7 երկիրներէ՝ Վրաստանէն, Ուքրանիայէն, Ռուսաստանէն, Պելառուսէն, Լիտվայէն, Իրանէն, Լիբանանէն, Թուրքիայէն, Սուրիայէն, Յորդանանէն, Գանատայէն, Միացեալ Նահանգ ներէն:
«Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօն
«Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը հայ մշակոյթի տօն է Հայաստանի մէջ եւ շարունակական բնոյթ կը կրէ: Փառատօնի ընդհանուր մասնակիցներու թիւը կþանցնի 1300-ը: Առաջին անգամ փառատօնը կը կազմակերպուի ոչ թէ մէկ շաբաթուայ, այլ՝ 6 ամսուայ ընթացքին եւ բաժնուած է ըստ արուեստի ճիւղերու:
Փառատօնի ծիրէն ներս կը նախատեսուին հետեւեալ միջոցառումները՝
1. «Պարարուեստի օրեր»՝ որ արդէն սկսած են Յունիս 29-էն. ծրագիրը պիտի ամբողջանայ Յուլիս 10-ին,
2. «Երգչախմբային արուեստի օրեր»՝ Օգոստոս 9-էն 14-ը,
3. Անհատ կատարողներու ելոյթներ՝ Յուլիս 30-էն Օգոստոս 5-ը,
4. «Տուտուկի համահայկական փառատօն» Սեպտեմբեր 14-18-ը:
Փառատօնի նպատակն է Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք կապերու եւ համագործակցութեան հնարաւորութիւններու ընդլայնումը, հայ մշակոյթի եւ մշակութային ինքնութեան պահպանման ու զարգացման նպաստելը, համագործակ- ցութեան նոր ձեւաչափերու ձեւաւորման աջակցիլը, Հայաստանի եւ Սփիւռքի երիտասարդ ստեղծագործողներու միջեւ մշակութային կապերու խորացման, համատեղ ծրագրերու մշակման եւ իրականացման սատարելը, ժամանակակից հայ արուեստի զարգացման ու գովազդման օժանդակելը, մշակոյթի ոլորտէն ներս համահայկական մասնագիտական ներուժի յայտնաբերման ու համա- խմբման նպաստելը: