Print
Category: Հայաստան-Արցախ

29 Յունիսին մահացած է 17 Յունիսին «Հարսնաքար» ճաշարանին մէջ  ծեծի ենթարկուած պաշտպանութեան նախարարութեան սպայ Վահէ Աւետեանը: 


Մամուլին մէջ տեղեկութիւններ շրջան կ՛ընեն այն մասին, որ անոնք ծեծի ենթարկուած էին Հայաստանի Ազգային ժողովի հանրապետական պատգամաւոր Ռուբէն Հայրապետեանի թիկնապահներուն կողմէ՝ անոր ցուցմունքով:
Սպայ Վահէ Աւետեանի մահը Հայաստանի տարածքին հասարակական խոր ընդվզում յառաջացուց: Շաբաթ երեկոյեան Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան բազմաթիւ գործիչներու մասնակցութեամբ «Հարսնաքար» ճաշարանային համալիրին առջեւ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն:  ՀՅԴ յայտարարութիւն հրապարակած է այս գծով: