Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՀԱՅ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ
ՊԻՏԻ ԹԱՂԷ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻՆ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Յունիս 23ին, Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Գրիգոլ Վաշածէ,
ուքրանական թերթի մը հետ զրոյցին յայտարարած է,
թէ հայ-ատրպէյճանական նոր պատերազմը պիտի թաղէ Հարաւային Կովկասի
երեք հանրապետութեանց ինքնիշխանութիւնը

Վրաց նախարարը յոյս յայտնած է, որ "ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին գործադրած ջանքերը ի վերջոյ յաջողութեամբ պիտի պսակուին”, սակայն միեւնոյն ժամանակ նշած է, թէ “երրորդ կողմը կ’ընէ ամէն ինչ, որպէսզի Մինսքի խումբը չկարենայ որեւէ յառաջընթաց արձանագրել, իսկ շփման գիծին վրայ լարումը՝ ըստ կարելւոյն երկար պահպանուի‘։ Արդարեւ, Վրաստանի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը նկատի ունեցած է Ռուսաստանի կովկասեան քաղաքականութիւնը։ Այս առընչութեամբ, վրացի փորձագէտ Զուրապ Ապաշիծէ news.amին ըսած է, որ համաձայն է Վաշածէի գնահատականին, աւելցնելով՝ որ “Թիֆլիսը բարեկամական յարաբերութիւններ կը պահպանէ թէ՛ Երեւանի եւ թէ՛ Պաքուի հետ: Ատիկա կառուցողական դիրքորոշում մըն է, որուն մէջ գէշ բան չկայ, եւ մինչ այսօր ատիկա բնականոն ընդունուած է որքան Հայաստանի, նոյնքան ալ Ատրպէյճանի մէջ”: Անշուշտ, չի բացառուիր, որ արտաքնապէս՝ պաշտօնական մակարդակի վրայ, վրացական այս «չէզոքութիւն»ը բնականոն համարուի, ինչ որ կարելի չէ ըսել ներքին ժողովրդական տրամադրութիւններուն վերաբերեալ, որոնք՝ դրացի երկիրներէն իւրաքանչիւրին մէջ կը պահանջեն Վրաստանի դիրքորոշման «յստակեցում»։ 

ՊԱՔՈՒԻ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԱՄՆ-Ի ՆԱԽԿԻՆ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐ.
«ՄՈՍԿՈՒԱ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԷՋ՝
Ո՛Չ ՊԱՏԵՐԱԶՄՈՎ ՇԱՀԱԳՐԳՌՈՒԱԾ Է,
Ո՛Չ ԱԼ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՄԲ»

Ուաշինկթընի «Ճոն Հոփքինս» համալսարանին մէջ  տեղի ունեցած են քննարկումներ «Կովկասեան հակամարտութիւններու կանխումը. արդեօ՞ք Ռուսաստան գործընկեր է, թէ` խանգարող» («Averting Conflict in the Caucasus: Is Russia a partner or a Spoiler?») թեմայով: Նախաձեռնութիւնը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է ԱՄՆ-ի վարչակազմի դիւանագիտական ներկայացուցիչներու եւ ուսանողներու շրջանակներուն մէջ: Զեկուցումներ ունեցած են Պաքուի եւ Երեւանի մէջ ԱՄՆ-ի նախկին դեսպաններ՝ Ռիչըրտ Գոզլարիչ եւ Ճոն Էվընս: Հիմնական երկու եզրայանգում կատարուած է. ԱՄՆ-ը Կովկասի հարցին մէջ պէտք է հաշուի նստի Ռուսաստանի հետ եւ Մոսկուան ջղագրգռող քայլերու չձեռնարկէ (ինչպէս, օրինակ, Քոսովոյի ճանաչումն էր):Միաժամանակ, եթէ Ատրպէյճան եւ Հայաստան խաղաղութիւն կ’ուզեն, պէտք է երկխօսութիւն սկսին, թափանցիկութիւն ապահովեն, ժողովուրդներուն հաշտութեան նախապատրաստեն եւ ժողովրդավարութիւնը ամրապնդեն իրենց երկիրներուն մէջ: «Ազատ մամուլ եւ ընդդիմութիւն չունեցող հանրութիւններուն կարելի չէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին միջոցով խաղաղութիւն պարգեւել», նշած է Էվընս:
Երկու երկիրներու նախագահները պարբերաբար հանդիպում կ’ունենան, սակայն անոնք շահագրգռուած չեն գործընթացի թափանցիկութեան եւ հանրութիւնը իրազեկ պահելու հարցերով: Այդ պատճառով յաճախ կը հնչեն յաղթանակի, այլ ոչ թէ հաշտութեան կոչեր:
Էվընս եւ Գոզլարիչ համոզուած են, որ «բանակցութիւններու երանգը եւ արտայայտչաձեւը» պէտք է փոխուին: Կողմերը պէտք է մէկ անգամ ընդմիշտ հրաժարին 100% յաղթանակի գաղափարէն: Հակառակ պարագային՝ տարածաշրջանին մէջ աւելի աւերիչ պատերազմ պիտի սկսի: Այդ ամէնը վնաս պիտի հասցնէ ոչ միայն կողմերուն, այլեւ ԱՄՆ-ու եւ Ռուսաստանի շահերուն:Նախկին դեսպանները Ուաշինկթընին թելադրած են Փութինի վրայ ճնշում բանեցնելու քաղաքականութիւն չվարել: «Մոսկուա Ղարաբաղի մէջ ո՛չ պատերազմով շահագրգռուած է, ո՛չ խաղաղութեամբ», ըստ երկու դիւանագէտներուն:Գոզլարիչի համաձայն՝ Ռուսաստան կը վախնայ, որ տարածաշրջանային խաղաղութիւնը կը տկարացնէ շրջանին վրայ Մոսկուայի ազդեցութիւնը: Այդ պատճառով՝ Քրեմլին կը խորհի ոչ թէ խաղաղութեան, այլ խաղաղ գործընթացի տպաւորութեան ուղղութեամբ:Իսկ Ճոն Էվընս համոզուած է, որ Մոսկուա մտահոգ է պատերազմի հաւանականութեամբ, որ մեծ վնաս կը հասցնէ իր շահերուն, եւ վերջին երկու տարիներուն Հայաստանի եւ Ազէրպայճանի նախագահներու հանդիպումներ կը կազմակերպէ:
Ինչ կը վերաբերի հեռանկարներուն, նախկին դեսպաններու կարծիքները կը տարբերին:Միաժամանակ անոնք անհրաժեշտ կը նկատեն երկխօսութեան շարունակութիւնը, իսկ հայ-թրքական մերձեցումը եւ Մոսկուայի ձգտումներու տկարացումը կրնան դրական ազդեցութիւն գործել խաղաղութեան ձեռքբերման վրայ: Այնուամենայնիւ, դիւանագէտներուն կարծիքով՝ առանց երկու հանրութիւններու ներքին ազատութեան, խաղաղութեան յանգիլը կ’ըլլայ խնդրայարոյց: