Պրիւքսելի մէջ Եւրոպայի Ժողովրդական Կուսակցութեան (EPP) համաժողովին մասնակցելով՝
ՀՀ նախագահը իր ելոյթին մէջ ըսած է, թէ Ատրպէյճանի սադրանքները կը սպառնան ամբողջ շրջանի անվտանգութեան եւ կասկածի տակ կը դնեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային գործընթացը, ինչ որ ան մտահոգիչ կը նկատէ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութեան պատասխանատու Ուիլֆրիտ Մարթենի հետ:
Հայաստանի նախագահը Պրիւքսել կատարած այցելութեան ծիրէն ներս ելոյթ ունեցած է Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութեան վեհաժողովին ընթացքին:
Սերժ Սարգսեան անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն Լոս Քապոսի մէջ ըրած միացեալ յայտարարութեան՝ նշելով, որ Հայաստան կը շարունակէ առաջնորդուիլ ընդունուած սկզբունքներով: Ըստ անոր, նախագահներու միացեալ յայտարարութիւնը ցոյց տուաւ, որ Ատրպէյճանի ապակառուցողական դիրքորոշումը ապագայ չունի:
Ան նաեւ անդրադարձած է Հայաստան - Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու տարբեր ոլորտներուն, Եւրոպական առեւտրատնտեսական եւ ֆինանսական ընդելուզման գործընթացներուն:
Ան նշած է, որ եւրոյի ձախողումը անկանխատեսելի սպառնալիք է ոչ միայն Եւրոպայի ապագային, կամ դրացիներու ընդելուզման գործընթացներուն, այլեւ համաշխարհային ամբողջ տնտեսութեան համար:
ՀՀ Նախագահը եւրոպացիներուն ներկայացուցած է
ՀՀ-ի մէջ իրականացուող բարեփոխումներու ընթացքը
Պրիւքսէլի մէջ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային նախաճաշ ունեցած է Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին գործերու յանձնաժողովի նախագահ Էլմար Պրոքի եւ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) խմբակցութեան փոխնախագահ Իոաննիս Գասուլիտիսի հետ, որոնց ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներու ընթացքն ու յառաջիկայ ծրագրերը:
Ըստ նախագահի գրասենեակի մամուլի ծառայութեան հաղորդագրութեան՝ զրուցակիցները ընդգծած են, որ նման հանդիպումները լաւ առիթ են միջկուսակցական կապերու ամրապնդման շուրջ մտքեր փոխանակելու, ինչպէս եւ Հայաստանի եւրոպական ընդելուզման քաղաքականութեան յառաջընթացը եւ խնդիրները քննարկելու համար:
Հանդիպման ընթացքին կարեւոր համարուած է ԵՄ-ի հետ խորհրդարանական հարթութեան վրայ, նաեւ երկկողմ՝ ՀՀ ԱԺ-ի եւ Եւրոխորհրդարանի, Արեւելեան գործընկերութեան խորհրդարանական վեհաժողովի՝ Եւրոնեստի ծիրէն ներս համագործակցութիւնը:
Կողմերուն համոզմամբ, նման հարթակները օրէնսդիրներու համար լաւ հնարաւորութիւն են սերտ կապեր հաստատելու եւրոպացի եւ արեւելեան գործընկերութեան ձեւաչափի երկիրներու իրենց գործընկերներուն հետ եւ քննարկելու համագործակցութեան ընդլայնման հեռանկարները:
Երկուստեք նշուած է, որ Հայաստան-եւրամիութիւն համագործակցութեան համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւններուն մէջ արձանագրուած է զգալի յառաջընթաց, որ կը վկայէ կողմերու պատրաստակամութեան եւ հիմնական խնդիրներու շուրջ մօտեցումներու եւ պատկերացումներու ընդհանրութեան մասին:
Սերժ Սարգսեան նշած է, որ ներկայիս Եւրոպական յանձնաժողովի հետ աշխատանքներ կը տարուին այդ բարեփոխումներու ռազմավարութենէն բխող համատեղ գործողութիւններու ծրագիր մշակելու շուրջ: Այդ ենթահողին մէջ կարեւոր համարուած է Եւրոպական հարեւանութեան «աւելին աւելիի դիմաց» սկզբունքը: