Այսօր Հինգշաբթի 28 Յունիսին, ժամը 11.00-ին, Երեւանի «Golden Tulip» հիւրանոցի Վիվալտի սրահին մէջ տեղի կ'ունենայ Պոլոնիայի գործընթացի հետամուտ խումբի ՊԳՀԽ) քարտուղարութեան‘ Հայաստանի կողմէ պաշտօնական ստանձնման արարողութիւնը:
Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ՊԳՀԽ համանախագահներ՝ Կիպրոսի եւ Պոսնիա- Հերցեկովինայի, ինչպէս նաեւ Պոլոնիայի քարտուղարութեան նախագահութիւնը յանձնող Ռումանիոյ ներկայացուցիչներ: