Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Պելճիքա տուած իր պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ  հանդիպում ունեցած է արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով Եւրոպական Միութեան բարձր ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթընի հետ:


Նախատեսուած է, որ նախագահը հանդիպում ունենայ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան նախագահ Վիլֆրիտ Մարտենսի հետ: Սերժ Սարգսեան պիտի մասնակցի Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) գագաթնաժողովին, ուր ներկայ պիտի ըլլան այլ ղե-կավարներ եւս: