Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Մենք մտահոգուած ենք շփման գծի վրայ միջադէպերու տեւականութեամբ» կ'ըսէ ան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով այսօր պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանեց Աւստրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Հայնց Ֆիշերը, իր տիկնոջ՝ Մարգիթ Ֆիշերի հետ:


Այցելութեան ծիրէն ներս այսօր առաւօտուն անոնք Քասքատի մէջ շրջեցան, ապա տեղի ունեցաւ երկու նախագահներու հանդիպումը:
ՀՀ եւ Աւստրիոյ նախագահները պիտի մասնակցին նաեւ հայ-աւստրիական գործարար համաժողովի:
Նախքան Երեւան իր այցելութիւնը, Հայնց Ֆիշեր բացառիկ հարցազրոյց մը տուած էր « Հայաստանի հանրապետութիւն» օրաթերթին: Անդրադառնալով հայ-ատրպէյճանական սահմանին եւ Ղարաբաղի շփման գծին վրայ հրադադարի խախտման վերջին դէպքերուն, Ֆիշերը նշած է, որ Աւստրիան մեծապէս մտահոգուած է շփման գծի վրայ  միջադէպերու տեւականութեամբ: Իսկ դիպուկահարները  ետ քաշելու մասին, ինչպէս  եւ սահմանային միջադէպերու հետաքննութեան մեխանիզմի մասին, ան հաստատած են թէ անոնք անհրաժեշտ են հակամարտութեան կարգաւորման մօտենալու համար: Հայնց Ֆիշերը նաեւ իր ափսոսանքը յայտնած է, որ դադրած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու  կարգաւորման վերաբերեալ արձանագրութիւններու վաւերացումը: