«Ռիօ+20» վեհաժողովի աշխատանքներուն մասնակցած ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երկկողմանի հանդիպումներ ունեցաւ տարբեր երկիրներու իր պաշտօնակիցներուն հետ:
Քոնկոյի արտաքին գործոց նախարար Ռայմոնտ Թշիպանտայի հետ հանդիպման ընթացքին համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման վերաբերեալ: Նախարարները քննարկեցին միջազգային կազմակերպութիւններու շրջագիծին մէջ համագործակցութեան կարելիութիւնները եւ Քինշասայի մէջ Հոկտեմբերին տեղի ունենալիք Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան վեհաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները:
Էդուարդ Նալբանդեանի յաջորդ հանդիպումը Սրի Լանքայի արտաքին գործոց նախարար Կամինի Լաքշման Փէյրիսի հետ էր: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղաւ քաղաքական երկխօսութեան խթանման, իրաւապայմանագրային դաշտի ձեւաւորման ուղիներուն, տնտեսական համագործակցութեան եւ մշակութային կապերու զարգացման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերուն:
Սրի Լանքայի արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուց իր երկրին մէջ ընթացող ներազգային համերաշխութեան ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը եւ բարեփոխումները: Նախարար Փէյրիս Է. Նալբանդեանը հրաւիրեց Սրի Լանքա: