Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Անցնող շաբաթավերջին, Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ եռօրեայ փառատօնին՝ «Երեւանը գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք 2012» ծրագրի ծիրէն ներս:

Փառատօնը կը կրէ «բացօթեայ ընթերցանութիւն» խորագիրը եւ կազմակերպուած է Յունիս 21-24, Ֆլեշմոբ Դիվիզիա երիտասարդական խումբի եւ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ:
Ձեռնարկները տեղի կ'ունենան Գաֆէսճեան քանդակներու պարտէզի (Քասքատ), Սիրահարներու այգիի եւ այլ հանրային վայրերու մէջ: Նախատեսուած են գիրքերու փոխանակումներ, երեխաներու համար ընթերցանութիւն, գրական հարթակ եւ համերգ: