Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Լիբանանի հայ համայնքի օրերը Հայաստանում» ծրագրի ծիրէն ներս, Երեւանի պատմութեան թանգարանի ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ տաղանդաշատ քանդակագործ Զաւէն Խտըշեանի քանդակներու անհատական ցուցահանդէսի բացումը:


Արարողութեան ներկայ էին Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Վանօ Վարդանեանը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանը, անուանի քանդակագործներ, ճարտարապետներ, պաշտօնատար անձեր:
Ցուցահանդէսի բացումը ազդարարեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան:
«Զաւէն Խտըշեան անունը շատ յայտնի է Մերձաւոր Արեւելքում, Ֆրանսիայում, հայ համայնքներում, սակայն նա առաջին անգամ է Հայաստանում եւ հանդէս է գալիս ցուցադրութեամբ»,-նշեց Հ. Յակոբեան:
Հ. Յակոբեան Զաւէն Խտըշեանին պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարության «Արշիլ Գորկի» մետալով՝ կերպարուեստի, գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան, գծագրութեան արուեստը տարածելու, այդ ոլորտին մէջ ստեղծագործական յաջողութիւններ ունենալու, Սփիւռքի մէջ հայկական արուեստը տարածելու եւ ճանաչելի դարձնելու, ինչպէս նաեւ իր ստեղծագործական գործունէութեամբ Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան զարգացման գործով ներդրում ունենալու համար:
Զաւէն Խտըշեանը ծնած է 1932թ., Պէյրութ: Մասնագիտական կրթութիւնը ստացած է Պէյրութի Գեղարուեստներու ակադեմիայի եւ Փարիզի Ազգային բարձրագոյն արուեստներու դպրոցին մէջ: Իր հեղինակած գործերէն են Հայոց ցեղասպանութեան առաջին յուշակոթողը՝ Լիբանանի մէջ, Գարեգին Նժդեհի եւ Լիբանանի մեծագոյն մտաւորական Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի կիսանդրիները, Լիզպոնի 5 նահատակներու յուշարձանը Պէյրութի մէջ: