Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի 5-րդ գումարման Ազգային ժողովը երէկ 75 կողմ, 47 դէմ եւ 1 ձեռնպահ քուէներով հաւանութեան արժանացուց Հայաստանի կառավարութեան գործունէութեան ծրագիրը:

Ինչպէս եւ կը սպասուէր, ծրագրին կողմ քուէարկեցին Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը եւ Օրինաց երկիր կուսակցութիւնը, իսկ խորհրդարանական միւս ուժերը՝ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը, Հայ ագային քոնկրեսը, ՀՅԴ-ն եւ Ժառանգութիւնը դէմ քուէարկեցին:
Մինչ քուէարկութիւնը եզրափակիչ ելոյթով հանդէս եկաւ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան: Վերջինս նշեց, որ նախանցեալ օրուընէ տրուող գնահատականները անձնական բնոյթի են, եւ կոչ ուղղեց, որ վարչապետի անձի հասցէին չուղղուին վարկաբեկող գնահատականներ:
«Մենք պատրաստ ենք աշխատել բոլորի հետ: Եթէ կան առաջարկներ, մենք պատրաստ ենք նստել եւ քննարկումներ անել: Ազգային ժողովում նման քննարկումներից շահելու է միայն մեր հասարակութիւնը», ըսաւ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան:
Մինչ քուէարկութիւնը ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, որ կոչ ուղղեց բոլորին կողմ քուէարկելու կառավարութեան ծրագիրին, եւ որ այդ ծրագիրին շնորհիւ կարելի է հասնիլ լրջագոյն բարեփոխումներու:

Ռուստամեան. «Ժողովուրդը Համաձայն Չէ Այս Ծրագիրին»

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան երէկ ներկայացնելով կուսակցութեան դիրքորոշումը Ազգային Ժողովի նիստին ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութիւնը իրեն համար բաւարար չափով արդարացումներ հաւաքած է 2012-17 թուականներուն 5-ամեայ ծրագիրը չկատարելու համար: Ըստ անոր, փաստաթուղթի հիմնական գաղափարաբանութիւնն է յստակ պարտականութիւններ չստանձնելը, որպէսզի ետքը զանոնք չկատարելու համար կառավարութիւնը ներում չհայցէ:
Արմէն Ռուստամեան յայտնեց, որ այստեղէն յայտնի կը դառնայ կառավարութեան ծրագիրին յայտարարողական բնոյթը: Ըստ անոր, ասոր համար դաս ծառայած է նախորդ ծրագիրը, որ գործնականին մէջ անկատար մնաց: «Երկրորդ դասը արտաքին վտանգներու վնասներն են, որպէսզի ոչ ոք չկարծէ, թէ կառավարութիւնը անպայման պատասխան պիտի տայ իր խոստումներուն եւ նախագիծերուն համար: Բոլորը կրնան մեղաւոր ըլլալ, բացի մեզմէ: Ճգնաժամը կարելի չէ շրջանցել»,  կ՛ըսեն անոնք:
«Մենք փոքրիկ ենք եւ խոցելի: Եթէ անոր  աւելցնենք նաեւ կլիմայական վտանգները գիւղատնտեսութեան համար, ապա կառավարութենէն գործնականին մէջ ոչինչ պէտք չէ պահանջել», յայտարարեց Ա. Ռուստամեան:
Ռուստամեան ընդգծեց, որ այս պարագային անհասկնալի է՝ ի՛նչ իմաստ ունի լսել այս ծրագիրը եւ քննարկել, եթէ ընդդիմութիւնը զրկուած է անոր կատարումը վերահսկելու այս կամ այն կարելիութենէն: Ան նշեց, որ խորհրդարանը ընտրող ժողովուրդը համաձայն չէ այս ծրագիրին: «Իսկ ով որ համաձայն է, քանի մը տարիէն պիտի վայելէ իր վստահութեան պտուղները»,   աւելցուց Ա. Ռուստամեան: