Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Համաշխարհային դրամատունը այս տարուան 1 Յուլիսէն  մինչեւ յաջորդ տարուան Յունիսի աւարտը շուրջ 200 միլիոն  տոլար պիտի տրամադրէ Հայաստանին։

Լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին երէկ յայտարարեց Համաշխարհային դրամատան  Հարաւային Կովկասի երկիրներու տարածաշրջանային նորանշանակ տնօրէն Հենրի Կերալին:
Անոր համաձայն, այդ գումարը պիտի տրամադրուի կրթութեան, առողջապահութեան, ճանապարհաշինութեան բնագաւառներուն, տուրքերու գծով բարեփոխումներու ծրագրերու: