Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Անանիա Շիրակացիի ծննդեան 1400ամեայ յոբելեանին առիթով, Հայկական աստղագիտական ընկերութեան կողմէ ստեղծուած է Շիրակացիի նուիրուած համացանցային կայքէջ մը (http://aras.am/Shirakatsi/index.html),

ուր լիարժէք տեղեկութիւններ տրուած են Շիրակացիի կեանքին եւ գործունէութեան, հետազօտութիւններու բնագաւառներուն, աշխատութիւններուն ու անոր նուիրուած գրականութեան մասին: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայկական աստղագիտական ընկերութիւնը:
Շիրակացիի յոբելեանը ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի 2012 թուականի նշանակալից տարեդարձներու շարքին. անիկա Հայաստանի մէջ կը նշուի կառավարական մակարդակով՝ շարք մը ձեռնարկներու ընդմէջէն: Անանիա Շիրակացի (612-685) հայ միջնադարեան մեծագոյն գիտնականն է. ան՝ փիլիսոփայ, մաթեմատիկոս, տիեզերագէտ, տոմարագէտ, ճշգրիտ գիտութիւններու եւ բնագիտութեան հիմնադիրն է Հայաստանի մէջ:
Անոր գիտական ժառանգութիւնը զգալի ազդեցութիւն ունեցած է հայ բնագիտական միտքի հետագայ զարգացման վրայ: Նշեալ կայքէջին վրայ հաւաքուած են եւ ապագային պիտի աւելնան նաեւ Շիրակացիին առնչուող զանազան տեղեկութիւններ եւ նիւթեր, նաեւ տրուած են արտաքին յղումներ՝ Շիրակացիի անուան Լուսնի խառնարանին, համալսարանին, ճեմարանին, շքանշանին, յուշադրամին եւ այլ կայքէջերու մասին:
Հոն ներկայացուած է նաեւ յոբելեանական ձեռնարկներուն ցանկը, որուն վրայ կարեւորագոյններն են՝ Հայաստանի ԳԱԱ Բիւրականի աստղադիտարանին մէջ Սեպտեմբեր 15-23 կազմակերպուող «Երիտասարդ աստղագէտներու միջազգային դպրոց»ը, իսկ Սեպտեմբեր 25-28 նախատեսուող «Աստղագիտական ժառանգութիւնը ազգային մշակոյթին մէջ» թեմայով միջազգային պատմա-աստղագիտական գիտաժողովը:
Նաեւ, համապատասխանաբար առանձին էջ նուիրուած է այդ բնագաւառին, ուր ներկայացուած են տեղեկութիւններ հնագոյն աստղադիտարաններու, աստղագիտական բնոյթի ժայռապատկերներու, հնագոյն օրացոյցի, միջնադարեան աստղագիտական քարտէսներու, հայ միջնադարեան աստղագէտներու եւ այլոց մասին: Կայքէջը կը գործէ հայերէն եւ անգլերէն տարբերակներով: