Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Յունիս 18-ին, ժամը 10.30 ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ  «Սփիւռքի երիտասարդներու՝ Հայաստան ճանաչողական այցելութիւններու «Արի տուն» ծրագրի 2-րդ փուլի բացումը:


Ծրագիրը կþիրականացուի 2009 թուականէն: Նախորդ 3 տարիներուն Հայաստան այցելած է շուրջ 1800 սփիւռքահայ երիտասարդ: 2012թ. կþակնկալուի 1000 երիտասարդի այցելութիւն:
«Արի տուն 2012» ծրագիրը կþիրականացուի Յունիս 10-էն Սեպտեմբեր 1-ը՝ 8 փուլով: Այս տարի եւս կը նախատեսուի 4-օրեայ ճամբարային հանգիստ Աղաւնաձորի մէջ:
«Արի տուն» ծրագրի երկրորդ  փուլին (Յունիս 17-30) կը մասնակցին աւելի քան հարիւր երիտասարդներ՝ հիմնականօրէն Ռուսաստանի Դաշնութենէն, Վրաստանէն, ԱՄՆ-էն:

 

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հ. Յակոբեանի այցը Զուիցերիա

ՄԱԿ-ի Պարենի համաշխարհային կազակերպութեան պարենային ծրագրի (ՊՀԿ) 50-ամեայ յոբելեանի ծիրէն ներս Յունիս 13-14ը  Զուիցերիա գտնուեցաւՀՀ սփիւռքի նախարար Հ. Յակոբեան:
Պաշտօնական շարք մը հանդիպումներէն ետք Հ. Յակոբեանը մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի Պարենի համաշխարհային կազմակերպութեան պարենային ծրագրի (ՊՀԿ) 50-ամեակի կապակցութեամբ Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան, Ժընեւ քաղաքի եւ զուիցերիական զարգացման եւ համագործակցութեան գործակալութեան կազմակերպած Ս. Բաբայեանի դաշնամուրային համերգին:
Հանդէս գալով ողջոյնի խօսքով՝ Հ. Յակոբեան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» մետալ  յանձնեց Զուի-ցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Շառլ Ազնաւուրին:
Համերգի նպատակը Հայաստանի մէջ ՊՀԿ գործունէութեան իրազեկումն է: Համերգի ընթացքին կատարուած կամաւոր նուիրատուութիւնները կը նպատակաուղղուին Հայաստանի  անապահով դպրոցականներու  բարօրութեան: