Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդ. Նալբանդեան հանդիպում ունեցած է Երեւանի մէջ հաւատարմագրուած եւրոպական երկիրներու դեսպաններուն հետ:


Աշխատանքային ճաշի ընթացքին քննարկուած են  Հայաստան - Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան ներկայ ընթացքն ու նախատեսւող բարձր մակարդակի շփումները ինչպէս եւ ձեռնարկուելիք քայլերը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը եւրոպացի դեսպաններու ուշադրութիւնը հրաւիրած է Հայաստանի սահմանին ու Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գծին վրայ Ատրպէյճանի կազմակերպած սադրիչ  գործողութիւններուն եւ մարդկային զոհերուն: