Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ.- Փարիզի մէջ Յունիս 18ին կայանալիք Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընթացքին, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները, ներկայացնելով քանի մը գաղափարներ՝

պիտի փորձեն մօտեցնել ղարաբաղեան բանակցութիւններուն մէջ երկու երկիրներու դիրքորոշումները. Ուրբաթ, Յունիս 15ին «Ազատութիւն» կայանին հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն:
«Կը փափաքին բոլոր կողմերը պահել բանակցութիւններու սեղանի շուրջ. այդ գործընթացը կարեւոր է: Բանակցութիւնները պէտք է շարունակել՝ ղարաբաղեան հարցին խաղաղ լուծումներ գտնելու համար», ըսած է Հեֆըրն:
Այն հարցումին, թէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման առնչութեամբ ի՞նչ նոր մօտեցումներ պիտի ներկայացուին Փարիզի մէջ՝ Հեֆըրն ըսած է. «Ես այդ հարցումը կ՛ուղղէի ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն. ես համանախագահ չեմ: Մենք միշտ կը փնտռենք ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման նոր գաղափարներ, որպէսզի խնդիրը լուծուի խաղաղ ճանապարհով»:
Իր կարգին՝ Ֆրանսայի դեսպան Անրի Ռենօ ըսած է, թէ բանակցութիւնները աւելի անհրաժեշտ կը դառնան այս օրերուն, երբ սահմանին վրայ զինեալ բախումներ կ՛արձանագրուին: «Բանակցութիւններու միջոցով հակամարտութեան կարգաւորումէն բացի այլընտրանք չկայ: Մենք յոյս ունինք, որ հակամարտութեան լուծման ճամբուն վրայ առաջ կը շարժինք՝ Յունուարին Սոչիի մէջ կայացած Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման տրամաբանութեան հիման վրայ», ըսած է Ֆրանսայի դեսպանը:
Յիշեցնենք, որ Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, կովկասեան իր այցելութեան աւարտին, Պաքուի մէջ յայտարարած էր, թէ Փարիզի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն պիտի ներկայացուի նոր առաջարկ մը՝ ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորման ուղղութեամբ: