Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամը՝ «Ֆրիտրիխ Էպերթ» հիմնադրամի հայաստանեան մասնաճիւղին աջակցութեամբ, 11 Յունիսին հանրութեան ներկայացուց «Տնտեսութիւնը եւ սոցիալ-դեմոկրատիան» գիրքը:

Գիրքի շնորհահանդէսին մասնակցելու համար Երեւան եկած էինք գերմանացի քաղաքական գործիչներ, որոնք իրենց երկրի տնտեսական յաջողութիւնները բաժնեկցեցան հայաստանեան քաղաքական դաշտի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հետաքրքրական մեկնաբանութիւն կատարած է համաժողովի գերմանացի հիւրը՝ տնտեսագէտ, Գերմանիոյ նախկին նախարար Քրիստոֆ Զոփելը: Ան՝ վկայակոչելով պաշտօնական վիճակագրութիւնը, ըստ որուն, հասարակութեան 40 տոկոսը աղքատ է, դիմած է իր հայաստանցի գործընկերներուն եւ զարմանք յայտնելով   խնդրած է բացատրել, թէ ինչպէ՞ս կարելի է աղքատութեան նման պայմաններուն մէջ գոյութիւն ունենան օլիգարխներ, որոնց ձեռքն է երկրին հարստութեան զգալի չափը:
Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր, տնտեսագէտ Արա Նռանեան՝ ներկայացնելով վերջին 20 տարիներուն ընթացքին մեր երկրի տնտեսական համակարգի թոյլ կողմերը, նշած է, որ խորհրդային համակարգի փլուզումէն ետք օրուան իշխանութիւններու վարած վայրի ազատականութեան իբրեւ հետեւանք կարելի չեղաւ տնտեսական բնական համակարգ ձեւաւորել:
«Ձախ գաղափարախօսութիւնն այսօր անհրաժեշտութիւն է, եթէ մենք ուզում ենք ունենալ զարգացող պետութիւն», ըսաւ Արա Նռանեան՝ նկատել տալով, որ հասարակութիւնը դեռ չէ ընկալած, որ այսօրուան ծաւալած տնտեսական քաղաքականութիւնը կրնայ այլընտրանք ունենալ:
«Պատրաստւում ենք յառաջիկայում հիմնել տնտեսագէտների ակումբ, որտեղ մեր երկրի տնտեսական համակարգի առջեւ ծառացած խնդիրները կարող ենք ամէնօրեայ քննարկման առարկայ դարձնել եւ լուծումներ առաջարկել», ըսաւ «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամի ղեկավար Մարիա Թիթազեան:
Թէ՛ հիւրերը, եւ թէ հայ մասնագէտները կարծիք յայտնած են այն մասին, որ գիրքը կրնայ արդիւնաւէտ ըլլալ՝ իբրեւ համալսարանական դասագիրք:
«Տնտեսութիւնը եւ սոցիալ-դեմոկրատիան» գիրքին մէջ մասնագէտները կրնան գտնել այն հիմնական ուղղութիւններն ու ձեւերը, որոնց կիրառման պարագային կարելի է ունենալ արդար եւ համերաշխ տնտեսակարգ: Շուէտը կրնայ օրինակ հանդիսանալ նաեւ Հայաստանի համար: Ձախ գաղափարախօսութեան կիրառման պարագային միայն կարելի է կարգաւորել շուկայական տնտեսական համակարգը, հակառակ պարագային այդ նոյն շուկան կրնայ վերածուիլ իսկական քաոսի», նշեց Քրիստոֆել Զոփել: