Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿի գործող նախագահ, Իրլանտայի հանրապետութեան փոխ վարչապետ, արտաքին գործոց եւ արտաքին առեւտուրի նախարար Իմոն Կիլմորի հետ:
Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան վարչութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն՝ հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման առնչուող շարք մը հարցեր:
Բարձր գնահատելով ԵԱՀԿի ջանքերը նշեալ հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ՝ նախագահ Սահակեան ընդգծած է, թէ պէտք է վերականգնել ԵԱՀԿի պուտափեշթեան գագաթնաժողովին հաստատած բանակցային ձեւաչափը՝ նշելով, որ առանց ԼՂՀ անմիջական մասնակցութեան անհնար է հասնիլ հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման:
Երկրին ղեկավարը կրկին անգամ հաստատած է պաշտօնական Ստեփանակերտի հաւատարմութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման՝ միաժամանակ աւելցնելով, որ հիմնախնդիրի կարգաւորման կարեւոր խոչընդոտներէն է Ատրպէյճանի կողմէ վարուող ռազմատենչ եւ հակահայկական քաղաքականութիւնը, որ վերջին ժամանակահատուածին ընդունած է խիստ ծայրայեղական կեցուածք, ուստի միջազգային հանրութեան կողմէ պէտք է արժանանայ համապատասխան գնահատականի: Արցախի հանրապետութեան նախագահը կարեւոր համարած է ԵԱՀԿի գործող նախագահին Արցախ այցելութիւնը եւ տեղւոյն վրայ երկրին ծանօթանալու միտումը:
Նշեալ հանդիպման ներկայ էին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Վասիլի Աթաճանեան, ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք եւ պաշտօնատար այլ անձիք:
«Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Միակ Միջոցը Վստահութեան Ամրապնդումն Է»
Կ՛ըսէ ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը
ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Իրլանտայի արտաքին գործոց եւ առեւտուրի նախարար Էյմոն Կիլմոր ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ ձգձգուած տագնապներու լուծման հարցին մէջ յառաջընթացը ԵԱՀԿ-ի մէջ Իրլանտայի նախագահութեան առաջնահերթութիւնն է:
Ան աւելցուցած է, որ լուծման հարցին մէջ յառաջընթացի հասնելու այժմէականութիւնը այժմ աւելցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի շփման գիծին վրայ լարուածութեան լոյսին տակ:
Նախարարը անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին նշած է, որ նախ եւ առաջ պէտք է բռնարարքները դադրին, որովհետեւ տագնապի ուժային լուծում կարելի չէ: «(Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ) իմ հանդիպումներուս ընթացքին ես կողմերուն եւ տագնապի բոլոր մասնակիցներուն կոչ պիտի ուղղեմ զերծ մնալ ուժի կիրարկումէն կամ ատոր սպառնալիքէն ու պատասխան գործողութիւններէն: Վստահութեան ամրապնդման գործին մէջ եւ հետագային զոհերէ զերծ մնալու համար կարեւոր քայլեր են շփման գիծէն արձակազէններու հեռացումն ու միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմի շուրջ համաձայնութիւնը, որուն ԵԱՀԿ-ը բազմիցս կոչ ուղղած է», ըսած է ան:
Ըստ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին, քաղաքական ամէնէն բարձր մակարդակով ձեռք բերուած համաձայնութիւններու յստակ գործողութիւններով կեանքի կոչումը կարեւոր է:
«Իրլանտայի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ տարբեր մարզերու մէջ քայլերու համադրութիւնը իրական յառաջընթացի հասնելու կ՛օգնէ: Սակայն ասիկա կողմերու համարձակութիւնը կը պահանջէ», ըսած է նախարարը:
Ըստ Կիլմորի, տագնապի կայուն լուծման միակ միջոցը վստահութեան ամրապնդումն է, որուն համար ժամանակ եւ կողմերու ջանքերը պէտք են: