Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Իրլանտայի փոխ վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Էյմոն Կիլմորի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Ըստ նախագահի մամլոյ գրասենեակի տարածած հաղորդագրութեան, զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստանի տարբեր մարզերուն մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն ընթացքին, ներքաղաքական զարգացումներուն, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին եւ վերջին շրջանին Հայաստանի ու Ազրպէյճանի սահմանին եւ Լեռնային Ղարաբաղի ու Ազրպէյճանի միջեւ շփման գիծին վրայ արձանագրուած միջադէպերուն:
«ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը նշեց, որ իր այցելութեան նպատակն է օժանդակել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ եւ անվտանգ լուծման հոլովոյթին: Ան ընդգծեց, որ խաղաղութեան հասնելու համար կարեւոր է հաւատարիմ ըլլալ լուծման հիմնարար սկզբունքներուն: Էյմոն Կիլմոր նշեց, որ ԵԱՀԿ-ը կանգնած է ազգերու ինքնորոշման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ուժ չօգտագործելու սկզբունքներուն ետին եւ կ՛աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի աշխատանքին‘ լուծման հոլովոյթը առաջ մղելու գործին մէջ: Ան շեշտեց, որ ԵԱՀԿ-ը կը մերժէ ուժի օգտագործումն ու ուժի օգտագործման սպառնալիքը եւ կը հաւատայ, որ հարցի լուծման զինուորական միջոց չի կրնար ըլլալ», ըսուած է նախագահի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ:
ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց սահմանին եւ շփման գիծի երկայնքով վերջին շրջանին արձանագրուած միջադէպերուն առնչութեամբ եւ նշեց, որ ԵԱՀԿ-ը կ՛աջակցի բոլոր այն ջանքերուն, որոնք ուղղուած են այսպիսի միջադէպերու կանխարգիլման ու հետաքննութեան մեքանիզմի ստեղծման:
Կիլմորը երէկ ընդունեց նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան: ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ խորհրդարանական խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: