Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Իւրաքանչիւր հայ զինուորի կորուստը` մեր ողջ ժողովրդի կորուստն է: Զոհուածների ընտանիքների հետ միասին սգում ենք մենք բոլորս:

Հակառակորդին տրուող պատասխանի առումով չկայ համաչափութեան այնպիսի աստիճան, որը կարող է սփոփել մեր վիշտը»,- յայտարարեց ՀՀ  նախագահ Սերժ Սարգսեանը՝ Ատրպէյճանի հետ վերջին միջադէպերու առիթով պատասխանելով Panorama.am-ի հարցումներուն։
«Մշտապէս ասել եմ, որ շփման գծում սադրանքները չափազանց վտանգաւոր են: Նաեւ ասել եմ, որ դրանք ստանալու են կոշտ պատասխան: Վերջին օրերին տեղի ունեցած միջադէպերը եւս դրա վկայութիւնն են: Կա՛մ այս սադրանքներն իրականացուել են Ատրպէյճանի ղեկավարութեան յանձնարարութեամբ, եւ այդ դէպքում նրանք անձնական պատասխանատըւութիւն են կրում զինադադարի` Ատրպէյճանի ստանձնած միջազգային պարտաւորութեան խախտման համար, կա՛մ այդ երկրի Զինուած ուժերը գտնւում են հրամանատարութեան հսկողութիւնից դուրս, եւ այդ դէպքում մենք պէտք է պատրաստ լինենք գործ ունենալ առանձին դաշտային հրամանատարների, այլ ոչ թէ կազմակերպուած բանակի հետ: Մենք չունենք զինուած ուժ կիրառելու որեւէ դրդապատճառ, քանի որ համարում ենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման միակ ուղին բանակցայինն է, եւ կարգաւորումը պէտք է բխի Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրագործման հնարաւորութիւնից: Իսկ լուծման ճանապարհով առաջ շարժուելու համար, ինչպէս բազմիցս նշել են ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահները, բնակչութեանը պէտք է պատրաստել խաղաղութեան»:

ԵԱՀԿ համանախագահող երկիրները անհանգստացած են սահմանային միջադէպերով

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ վերջին լարուածութեան ծիրէն ներս ԵԱՀԿ համանախագահ երկիրները յոյսեր կը կապեն Փարիզեան յառաջիկայ հանդիպման: Մտահոգուած են բոլորը, կը դատապարտեն եւ կոչեր կ'ընեն՝ առանց սակայն յստակ  հասցէատէրը նշելու:
Մինչ ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարարուհի Հիլըրի Քլինթըն Ատրպէյճանէն կը մեկնէր Թուրքիա, հայ-ատրպէյճանական ու ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմաններու վրայ յարձակումները դատապարտող յայտարարութիւն տարածեց համանախագահող յաջորդ երկիրը:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս գրուած է. «Ֆրանսան՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիր, իր խորին մտահոգութիւնը կը յայտնէ  Հայաստանի ու Ատրպէյճանի սահմանին վրայ վերջին օրերուն տեղի ունեցած զինուած միջադէպերու կապակցութեամբ, որոնց զոհ գնաց 8 մարդ: Հակամարտող կողմերը պէտք է ամբողջովին հաւատարիմ գտնուին ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան ու Հելսինկեան եզրափակիչ ակտի սկզբունքներու  հիման վրայ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորմանը, ինչը մասնաւորապէս կը վերաբերի ուժի չկիրառման, ազգերու  ինքնորոշման իրաւունքին ու տարածքային ամբողջականութեան»:

Մոսկուան ալ յոյս կը յայտնէ, որ լարուածութիւնը պիտի թուլանայ

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Ալեքսանդր Լուկաշեւիչ դիտել տուած է, թէ Մոսկուա յոյս ունի, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու‘ Յունիս  18-ին Փարիզի մէջ կայանալիք հանդիպման աւարտին՝  ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիէն ներս  լարուածութիւնը պիտի թուլանայ։
«Ինտերֆաքս» գործակալութիւնը կը մէջբերէ Լուկաշեւիչի խօսքերը, թէ Ռուսաստանին կÿանհանգստացնէ հակամարտութեան գօտիէն ներս  իրավիճակի սրման, հրադադարի խախտման, զինուորներու  եւ խաղաղ բնակչութեան մօտ  հետզհետէ աճող կորուստներու վիճակը: